2015-01-24 11:22:32

Կարտինալ Սանտրիի ողջոյնի խօսքը կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներու համամիութենական հանդիպումի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կրօնաւորական տարւոյն առթիւ, Հռոմի Օգոստինեան հայրաբանութեան հաստատութեան կեդրոնին մէջ, ուրբաթ 23 Յունուար 2015, սկիզբ առաւ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու համամիութենական եռօրեայ հանդիպումը։ Իւրաքանչիւր օրը նուիրուած է կրօնաւորական կեանքը քրիստոնէական երեք աւանդութիւններուն` կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ անկլիգան-բողոքական։
Ամէն օրը հանդիպումները կ’եզրափակուին երեկոյեան ժամասացութեամբ։
Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015, Արեւելեան ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի իր երկարաշունչ ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ. ''այսօրուայ մարդուն համար ‘’վանական’’ բառը խոտոր կը հնչուի։ ''Քարամաշով եղբայրները'' գիրքին մէջ Տոսդովիեսքին կը նկարագրէ վանականները որպէս մենակեացներ որոնք կը պահպանեն Քրիստոսի պատկերի Աստուածային ճշմարտութեան վայելչութիւնը` անաղարտ ու շքեղ, ժառանգուած անցեալի հայրապետներէն, առաքեալներէն ու մարտիրոսներէն, եւ ի պահանջին զայն ցոյց կու տան այն աշխարհին որ ցնցուած է մարդկային ճշմարտութենէն։ Ասիկա մեծ գաղափար մըն է, եւ Արեւելքէն դարձեալ Աստղը պիտի վերսկսի փայլիլ։ Ահա թէ ինչ կը խորհիմ վանականի մասին։ (Dostoesvskij, Fratelli Karamazov).
Այս խօսքերը կը պատկանին համաշխարհային գրականութեան գլուխ գործոցներէն մէկուն։ Թէեւ այս խօսքերը գրուած են 1879 թուականին, անոնց խոր իմաստը այսօր իսկ վաւեր են մեր խորհրդածութեան համար։
''Վստահ եմ որ այս երեք օրերու հաւաքը բարեպատեհ առիթ մըն է ցոլացնելու Քրիստոսի դիմագիծը մեր կեանքի կենցաղով ու վերաբերմունքով'' ըսաւ Կարդինալը մատնանշելով Արեւելեան եկեղեցիներու անցեալի ու ներկայի վանքերուն, ուր մասնաւորապէս օրթոտոքս աւանդութիւնը վանականներէն կ’ընտրէ թեմական եպիսկոպոսները, հովիւներն ու հայրերը ու անոնց կը վստահի Տիրոջ հօտը` Բարի Հովիւի նմանութեամբ։
Կարդինալ Սանտրին ապա դիտել տուաւ թէ ինչպէս Սովետական Միութեան տարիներուն Արեւելեան Եւրոպայի վանականները ահաւոր հալածանքի ենթարկուեցան։ Ռուսիոյ մէջ 1917-ին կային 1257 մենաստաններ, աւելի քան հարիւր հազար վանականներով։ 1922-ին 722 մենաստաններ բռնագրաւուեցան, 1.926 վանականներ եւ 3.447 վանականուհիներ գնդակահարութեան դատապարտուեցան։ 1930-ին գրեթէ ոչ մէկ մենաստան մնացած էր։ Սակայն Քրիստոսի ողջ պատկերը մարդկային ոչ մէկ ոյժէն կարող է ջնջուիլ։
Ներկայիս, մեր աչքին առջեւ ունինք Մուսուլի քաղդէացիներու սուրբ Ormisda վանականներու մենաստանը, բռնագրաւուած ու բանտի վերածուած` խալիֆայական կոչուած ծայրայեղականներէ։ Հետեւաբար կ’ապրինք արեան համամիութիւնը, ինչպէս յաճախ կը կրկնէ ֆրանչիսկոս Պապը։ Վանականները միշտ առաջաւոր եղած են սիրոյ ու եղբայրօգնութեան մէջ։ Նոյնպէս եւ դժբախտութեան, փորձանքի ու հալածանքի պահերուն վանականները միշտ առաջաւոր եղած են Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու եւ օգնութեան հասնելու տառապողներուն ու կարօտեալներուն։
Կարդինալ Սանտրին իր ողջոյնի խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ժողովի մասնակցող կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական կրօնաւոր-կրօնաւորուհիները ապրելու Արքայութեան ուրախութիւնը, հաղորդակցութիւնը Տիրոջ հետ ու տէր դառնալու Ս. Հոգւոյ պարգեւներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.