2015-01-23 08:16:28

Համամիութենական երկխօսութիւնը յոյժ կարեւոր է նոյնպէս եւ կնոջ դերը։


(Ռատիօ Վատիկան)Յառաջիկայ կիրակի` 25 Յունուար 2015-ին, ժամը 17.30-ին, Հռոմի ս. Պօղոս պազիլիքայի մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի հանդիսապետէ երեկոյեան ժամասացութիւնը եզրափակելու 2015-ի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։
Գերապայծառ Պրայան Ֆարրէլ` քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը հետեւեալ լուսաբանութիւնները տուաւ. ''Երկխօսութեան նպատակն է գերազանցել տարբերութիւնները քրիստոնեաներու միջեւ։ Միութեան փնտռտուքը կը կայանայ ճանչնալու այն ինչ որ մեզ կը միացնէ ու կը բաժնէ։ Սամարացի կնոջ դէպքը կը պատմէ թէ Յիսուս ջրհորին մօտենալով Սամարացի կնոջ կ՛ըսէ. ‘’ջուր տուր ինծի որ խմեմ’’։ Սամարեան հող մըն է որ չի պատկանիր հրեաներուն։ Յիսուս կը խօսի կնոջ մը հետ որ կը պատկանի այլ ազգի մը, սակայն Յիսուսն ու Սամարացի կինը իրարու կը հանդիպին, կը խօսին, կը բանավէճին եւ հանդիպումին ընթացքին իրարու հետ կը համաձայնին։ Այս պէտք է ըլլայ տիպարը համամիութեան հանդիպումին։ Իրարու հետ կը խօսինք մեր տարբերութիւններով, եւ միաժամանակ գիտակից ենք որ շատ մը բաներու մէջ նոյնը կը բաժնենք ու համաձայն ենք։ Հարկաւոր է որ իրարու հանդիպինք տեսնելու համար թէ ինչպէս գերազանցել մեր տարբերութիւնները, որոնց պատճառաւ բաժնուած ենք։
Կնոջ դերը – եղելութիւնը որ Յիսուս կը խօսի կնոջ մը հետ եւ մասնաւորապէս Սամարուհիին հետ-, զարմանք կը պատճառէ, նոյն իսկ եւ գայթակղութիւն։ Յիսուսի այս կեցուածքը խթան մըն է վերատեսելու եկեղեցւոյ մէջ մեր աւանդութիւնները ` կնոջ դերին առընչութեամբ։ Կինը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տակաւին իր պատշաճ տեղը չէ գտած։ Պէտք ենք սորվիլ պայմաններ ստեղծել որպէսզի կինը կարողանայ իրեն համապատասխանող տեղը գտնել։ Այդ ուղղութեամբ, մեզի կաթողիկէներուս, համամիութենական երկխօսութիւնը պիտի օգնէ յստակացնելու հիմնական կեցուածքներ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.