2015-01-23 12:12:56

''Աւանդել Ընտանիքը իբր հանդիպման առանձնաշնորհեալ միջավայր, սիրոյ առատապարգեւ բաշխումով'' 2015-ի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուան պատգամը:


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 23 յունուար 2015-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ. անուան սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուան առիթով ուղղած պատգամը, որուն նիւթն էր ''Աւանդել ընտանիքը իբր առանձնաշնորհեալ միջավայր հանդիպման՝ սիրոյ առատապարգեւ բաշխումով''։՚
Եկեղեցւոյ համար կենդրոնական հետաքրքրութիւններէն է ''Ընտանիքը'' որ երկու Սիւնհոդոսներու ընթացքին կ’ունենայ խոր անդրադարձ։ Նախորդ տարուան գումարուած արտակարգ Սիւնհոդոսը քննարկած էր այս նիւթը, որ պիտի շարունակուի արծարծուիլ այս տարուան Հոկտեմբեր ամսոյն գոյանալիք կանոնաւոր Սիւնհոդոսին։
Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին իբր օրինակ առաւ Ղուկասի Աւետարանէն Աստուածածնի Եղիսաբեթի կատարած այցելութեան դրուագը (Ղուկ Ա. 39-56), ուր մարմնի արտայայտչականութեան միջոցաւ կը կատարուի երկխօսութիւն մը՝ ինչպէս կը հաստատէ Եղիսաբեթ՝ ''Մանուկը խայտաց արգանդիս մէջ''։ Հետեւաբար արգանդը հաղորդակցումի եւ երկխօսութեան առաջին վայրն է։
Նաեւ աշխարհ գալէն ետք կերպով մը տակաւին ''արգանդի'' մը մէջ կը գտնուինք, որ է ընտանիքը։ Արգանդ մը, որ կազմուած է զանազան անձերէ, որոնք իրար հետ կը գտնուին սերտ յարաբերութեան մէջ։ Ընտանիքին մէջ կը սկսինք սորվիլ մայրենի լեզուն, որ եկած է մեր նախնիքներէն։ Այսպէս՝ սերունդներ յաջորդած են իրարու, փոխանցելով լեզուն՝ միջոց հաղորդակցութեան։ Ընտանիքի մէջ կը կատարուի նաեւ հաղորդակցութեան հիմնական կերպը՝ աղօթքը։ Ընտանիքին մէջ կը սորվինք հաղորդակցութեան կրօնական տարածքը՝ թէ քրիստոնէութեան մէջ ամէն ինչ տոգորուած է Աստուծոյ սիրով, զոր կը շնորհէ մեզի եւ մենք մեր կարգին ուրիշներուն։
Ընտանիքը առաջին հերթին կարողութիւնն է գրկախառնումի, իրարու օգնելու, ընկերակցելու, լուռ նայուածքները ըմբռնելու, միասնաբար ծիծաղելու եւ արցունք թափելու։ Ընտանիքը այն վայրն է, ուր միասնական կենցաղով կը փորձարկուին անհատական եւ ուրիշներու սահմանները, համակեցութեան փոքր ու մեծ խնդիրները, համաձայնութեան հանգելու կերպերը։ Չկայ կատարեալ ընտանիք, ամէն տեղ կան անհամաձայնութիւններ. ասոր համար ընտանիքը նաեւ ներողամտութեան ուսուցումի դպրոց մըն է։ Ներումը հաղորդակցութեան զօրութենականութիւնն է։
Յատկապէս ընտանիքներ, որոնք կը բովանդակեն որոշ սահմանափակումներ ունեցող երեխաներ՝ մեզի շատ բան ունին սորվեցնելիք։ Այս սահմանափակումները կրնան առիթ շնորհել ծնողքին, եղբայրներուն, քոյրերուն եւ բարեկամներուն՝ սէր ցուցաբերելու. կրնան խթան ըլլալ սիրտն ու հոգին բանալու եւ բաժնեկցելու, առանց բացառելու որեւէ անհատ։
Շաղփաղփութիւններով եւ չարախօսութիւններով լի աշխարհի մը մէջ ընտանիքը կրնայ ըլլալ դպրոց մը օրհնաբեր հաղորդակցութեան։ Ներկայի հաղորդամիջոցները կարելի չէ այլեւս մեր կեանքին մէջ անտեսել։ Անոնք կրնան խոչընդոտ հանդիսանալ հաղորդակցութեան եւ կամ օժանդակել անոր։ Կրնան խոչընդոտել, եթէ կղզիացումի առիթ ըլլան։ Գիտութեան նուաճումները պէտք չէ մեզ առաջնորդեն, այլ պէտք է ենթարկուին մեր ուղղամիտ գործածութեան։ Հետեւաբար՝ ներկայիս մարտահրաւէր մըն է տեղեկութիւնները վերատեսել եւ ապա պատմել կամ հաղորդել եւ ոչ միայն արտադրել եւ սպառել։
Վերջապէս՝ ընտանիքը առարկայ մը չէ, որ ենթակայ է քննարկումի, կարծիքներու եւ գաղափարախօսական պայքարներու՝ այլ միջավայր մըն է ուր կը սորվինք հաղորդակցիլ. ընտանիքը հաղորդակցող հասարակութիւն մըն է։ Հասարակութիւն մը, որ գիտէ ընկերակցիլ, տօնախմբել եւ պտուղներէն օգտուիլ։ Հետեւաբար ընտանիքը առատ աղբիւր մըն է եւ ոչ միայն տագնապի մէջ գտնուող խնդիր մը կամ հաստատութիւն մը։
Հաղորդամիջոցները երբեմն կը ներկայացնեն ընտանիքը իբր վերացական կառոյց մը, որ կարելի է ընդունիլ կամ մերժել, պաշտպանել կամ գրոհել. Մինչ՝ ան շօշափելի իրականութիւն մըն է, որ պէտք է ապրիլ։ Ընտանիքը երբեմն կը ներկայացուի իբր գաղափարախօսութիւններու ընդհարում մը, մինչ ան՝ այն վայրն է, ուր բոլորս կը սորվինք՝ թէ ինչ կը նշանակէ սիրոյ ընկալման եւ շնորհման միջավայրի մէջ հաղորդակցիլ։












All the contents on this site are copyrighted ©.