2015-01-23 12:04:37

2015-ի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուան պատգամի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ ` 23 յունուար 2015-ի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ ներկայացուեցաւ 2015-ի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ պատգամը որուն այս տարուա նիւթն է ''Հաղորդել Ընտանիքը` հանդիպումի առանձնաշնորհեալ միջավայր մը, սիրոյ ձրիութեան մէջ''։Նիւթ մը որ ընտրուած է ի տես Ընտանիքի մասին անցալ տարի գուրամուած արտակարագ եւ այս տարի գումարուելիք սովորական եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներուն.
''Ընտանիքի անդամներուն միջեւ յարաբերութիւնները ներշնչուած են եւ առաջնորդուած ''ձրիութեան'' օրէնքէն, որ յարգելով եւ խթանելով իւրաքանչիւրի անհատական արժանապատուութիւնը որպէս միակ արժէքի հիմք, կը դառնայ սիրալիր ընդունելութիւն, հանդիպում եւ երկխօսութիւն, անշահախնդիր տրամադրութիւն, մեծահոգի ծառայութիւն, ու խոր զօրակցութիւն'' գրած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Ֆամիլիարիս Քոնսորցիօ իր առաքելական թուղթին մէջ։
Եկեղեցին այսօր եւս հրաւիրուած է սերտելու ձեւը ներկայացնելու համար ընտանիքը որպէս մեծ պարգեւ մը, բարի ու գեղեցիկ։ Թէեւ ներկայի իրականութիւնը մեծ խոչընդոտներու դիմաց կը դնէ ընտանիքը որ յաճախ թիրած է սպառնալիքներու։
Ասոր համար ընկերային հաղորդամիջոցները եւս կանչուած են պատմելու ''ընտանիքի առօրեան'' որ շինծու երեւոյթ մը չէ, այս իսկական ապրումի խորդհդանիշ ուր չեն պակսիր խաչերը թէեւ Տէրը միշտ այնտեղ ներկայ է մեզ օգնելու ու յառաջ ընթանալու համար'' յատնած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։
Յայտնենք որ ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը միակ օրն է հաստատուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն (Ինթէր Միրիֆիքա, 1963) եւ կը նշուի համայն աշխարհի մէջ Պենտեկոստէի նախորդող կիրակին` որ 2015-ի կը զուգադիպի 17 մայիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.