2015-01-18 10:42:08

Ա. Կիրակի Յայտնութեան


Այսօրուայ Սուրբ Աւետարանը կը պատմէ մեզի Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ, կայացած հարսանիքի մը մասին, որուն հրաւիրուած էին Մարիամ, Յիսուս եւ անոր առաջին աշակերտները: Հարսանիքի ժամանակ անոյշ գինին սեղանէն պակսեցաւ: Ո՞վ կանդրադառնայ այդ պակասին. սեղանապե՞տը, սպասաւորնե՞րը: հետաքրքրական է, որ ոչ սեղանապետը եւ ոչ ալ սպասաւորները կանդրադառնան գինիի պակասին, հակառակ անոր որ սպասաւորներուն կ’իյնայ պարտականութիւնը սեղանին պէտքերը ապահովելու եւ միշտ պակասութիւնները լեցնելու: Եւ ի՞նչ կը պակսի սեղանէն: Կը պակսի կացը, խմիչքը, սեղանին ամէնէն էականը` գինին, որ խորհրդանիշ է ուրախութեան, կենացի: Հետեւաբար, Յիսուսի Մայրն է, որ կանդրադառնայ այդ էական պակասին, եւ Յիսուսին կը դիմէ ըսելով. «Գինի չունին»:
Յիսուս կը պատասխանէ. «Ի՞նչ կ’ուզես ինձմէ, ո՛վ կին, քանի որ տակաւին ժամս չէ հասած»: Այլ խօսքով Յիսուս կ’ուզէր ըսել թէ իր փառաւորութեան ժամը` այսինքն խաչի եւ մահու ժամը տակաւին չէ հասած, գինին նոր ուխտի արեան փոխելով` քաւութեան եւ թողութեան համար:
Յետոյ կը հրամայէ սպասաւորներուն որ քարէ վեց թակոյկները ջուրով լեցնեն: Եւ այդտեղ արդէն հրաշքը տեղի կ’ունենայ, ջուրը գինիի կը փոխուի, եւ ասիկա եղաւ սկիզբը Յիսուսի հրաշքներուն իր Աստուածային փառքը յայտնելով իր առաջին աշակերտներուն, որոնք հրաւիրուած էին խնճոյքի: Թէ ինչո՞ւ վեց թակոյկներ ջուրով լեցուցին, այստեղ Աստուածաշունչի մասնագէտները կ’ըսեն թէ թիւ 6 պակաս թիւ է. կը խորհրդանշէ ոչ լրումը, կամ ոչ կատարումը եւ ամբողջացումը գործին, կամ հրաշքին: Ուրիշ բառերով` Յիսուսին հրաշքը չ’ամբողջացաւ տակաւին. իր կատարումի պիտի հասնի մի միայն իր մահուան օրը, ուր ամբողջ աշակերտներուն հետ վերջին ընթրիքը պիտի ընէ, եւ գինիի բաժակը առնելով պիտի ըսէ. արբէք ի սմանէ ամենեքեան, այս է արիւն իմ նորոյ ուխտի ...:
Ի՞նչ կրնանք դաս քաղել այսօրուայ աւետարանէն: Յիսուս ի՞նչ ուզեց մեզի սորվեցնել Կանայի հարսանիքին մասնակցելով:
Ուզեց նախ եւ առաջ օրհնել պսակը այր մարդուն եւ կնկան միջեւ, յիշեցնելով որ պսակը Աստուածային խորհուրդ է. Աստուած զայն ուզեց եւ օրհնեց:
Ինչպէս որ գինին էական է բոլոր խնճոյքներուն եւ ուրախութիւններուն, նոյնպէս ալ սէրը հիմնական է, եւ կեդրոնն է ամուսնութեան խորհուրդին: Ասոր համար է որ Պսակի ատեն կը կարդանք Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ընթերցումը, ուր սուրբ Պօղոս կը թելադրէ Այրերուն ըսելով. «Այրեր, սիրեցէք ձեր կիները ինչպէս որ Քրիստոս սիրեց եկեղեցին, եւ իր անձը (կեանքը) նուիրեց անոր»:
Ինչպէ՞ս որ Մարիամ ըսաւ սպասաւորներուն. «Ըրէ՛ք ինչ որ հրամայէ ձեզի», եւ սպասաւորները հնազանդեցան Յիսուսի հրահանգներուն: Նոյնպէս ալ ամուսնութիւն մը չի կրնար գոյատեւել եթէ փոխադարձ հնազանդութիւն չկայ: Առողջ հնազանդութիւն, գիտակից հնազանդութիւն եւ ոչ թէ կոյր հնազանդութիւն:
Ինչ որ պատահեցաւ Կանայի հարսանիքի ընթացքին, կրնայ նաեւ պատահիլ որեւէ ամուսնութեան ընթացքին, որով կը սկսի խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ, բայց այդ սկիզբի խանդավառութիւնը, ինչպէս գինին Կանայի հարսանիքին, ժամանակուայ ընթացքին մերթ ընդ մերթ կը սպառի եւ կը սկսինք ըսել մեր ընտանիքներուն մէջ սէր չկայ: Հետեւաբար, այսօրուայ աւետարանը կոչ մըն է զոյգերուն համար, որպէսզի Յիսուսը հրաւիրեն իրենց տուներուն մէջ եւ իրմէ խնդրեն որպէսզի կրկնէ Կանայի հարսանիքին հրաշքը` ջուրը գինիի վերածելու: Ուրիշ խօսքով` գաղջութեան ու Routini ջուրը` սիրոյ եւ ուրախութեան գինիի, ու փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ: Այսպէսով Քրիստոս բոլոր տուներուն մէջ իր փառքը պիտի յայտնէ. ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.