2015-01-13 11:59:46

Սրի Լանքան


(Ռատիօ Վատիկան) Սրի լանքան եղած է անգլիական գաղութային շրջան։ Ան իր անկախութիւնը հռչակած է 4 փետրուար 1948-ին, իսկ հանրապետութիւն դարձած է 22 մայիս 1972 ին։
Սրի Լանքան ունի 65,610 հազար մեթր քառակուսի տարածք եւ 21.151,000 բնակչութիւն որուն 75 տոկոսը սենէկալէզներ են, իսկ 15 տոկոսը կը պատկանի թամիլ ցեղին։
Դարերու հոլովոյթին այս երկու ցեղախմբերը յաճախ բախումներ ունեցած են ըլլայ աւանդական ու մշակութային գետնի վրայ ըլլայ կրօնական գետնի վրայ տրուած ըլլալով որ սենէկալէզներ կը պատկանի Պուտտայական կրօնին մինչ Թամիլներու մեծամասնութիւնը Ինտու են։
Յայտնենք թէ Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը 1970 այցելած է Սրի Լանքան։
Քսաներորդ դարու վերջին շրջանին, 1975 թուականէն սկսեալ, դարձեալ բախումներ տեղի կ՛ունենան, Պուտտիսթ կրօնի պատկանող մեծամասնութեան եւ այլ կրօններու պատկան ադամներու միջեւ՝ ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու եւ Ինտուներու միջեւ։
2002-ին, զինադադարի համաձայնութիւն մը կը կնքուի Նորվէկիան կառավարութեան միջնորդութեամբ։
2008ին Կառավարութիւնը խախտելով զինադադարը պայքար կը մղէ՝ ընդդիմադիրներու հսկողութեան տակ գտնուող տարածաշրջաններու վրայ ու յաղթանակ կ՛արձանագրէ 2009ին։
Քաղաքացիական պատերազմի ընդհատումը սակայն անլուծ կը թողու Թամիլ ցեղի՝ փոքրամասնութեան կարեւորագոյն հարցերը , ինչպէս 2002 – 2009 տարիներուն գործուած ոճիրներու յանցագործներու ձերբակալութիւնը, առեւանգուած եւ բռնագրաւուած հողերու հարցը, եւ մարդու իրաւունքներու խախտումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.