2015-01-10 09:13:21

Ս. Հովհան Ոսկեբերանի ճառը աղքատութեան մասին


RealAudioMP3 Երբ կը տեսնես, որ մէկը մեծ հարստութեան արժանացած է, անոր երջանիկ մի՛ կարծէր, արժանի մրցակից մի՛ համարէր, մի՛ մտածէր, որ իսկական կեանքը կ՛ընթանայ անպատճառ ու աննպատակ: Յիշէ՛ մեծահարուստի եւ Ղազարոսի առակը, թէ ինչպէս առաջինը ունէր անչափ մեծ հարստութիւն եւ շքեղ ապրուստ` ըլլալով չափազանց դաժան, արիւնարբու, անմարդկային եւ աւելի կատաղի, քան բոլոր շուները, եւ իրապէս այս վերջինները խղճով կը ծառայէին Ղազարոսին` չանալով լզել անոր վէրքերը, որոնցով պատուած էր ողջ մարմինը, իսկ մեծահարուստը նոյնիսկ փշրանքներ չէր տար, այն դէպքին, երբ Ղազարոսը` այդ ճշմարիտ մեծահարուստը, այդ ճշմարիտ բաւականութեան մէջ ապրողը, ծայր աղքատութեան մէջ էր ինկած, զրկուած անգամ ամէնէն անհրաժեշտ սնունդներէն : Մէկը ունէր աւելին, քան ինչ որ պէտք էր, միւսը զուրկ էր ապրուստի անհրաժեշտ միջոցներէն: Եւ, սակայն, ան չտրտնջաց, չսկսաւ Աստուծոյ նախատել եւ բողոքել նախախնամութիւններէն: Այսպէսով, արդեօք, անմտութիւն չէ՞, որ երբ իրենք` աղքատները ամէն ինչի համար այդպէս կ՛օրհնաբանէին Տէրը, իսկ դուն, որ սխրանքներէն հեռու ես, կը հայհոյես Աստուծոյ այն բանի համար, ինչ որ ուրիշները կը տանին երախտագիտութեամբ:
Ինչու՞, ով մարդ, հարստութիւնը քեզ ցանկալի կը թուի: Անշուշտ, լաւ սեղաններէն ստացած հաճույքի համար, ամփոխի եւ թիկնապահներու կողմէն արժանացած յարգանքի համար, շրջապատուած այն մարդոցմէ, որոնք քեզ կը ծառայեն յանուն հարստութեան, այն բանի համար, որ դուն կարող ես վրեժխնդիր ըլլալ քեզ վիրաւորողներուն եւ սարսափ տարածել բոլորին վրայ: Ուրիշ այլ պատճառներ դուն չես կրնար նշել, բացի` հաճույքն ու շողոքորթութիւնը, ահն ու վրեժխնդրութիւնը: Իսկապես, սովորաբար հարստութիւնը ո՛չ աւելի իմաստուն կը դարձնէ, ո՛չ ալ աւելի զուսպ, ո՛չ բարի, ո՛չ մարդասէր եւ հոգիին մէջ ուրիշ ոչ մէկ առաքինութիւն չի դնէր:
Մի՛ նայիր այն գովասանքներուն, որոնք կը շռայլեցնեն բացայայտօրէն` ի հետեւանք վախի եւ շողոքորթութեան, այլ մերկացուր շողոքորթողններէն իւրաքանչիւրի խիղճը եւ դուն կը տեսնես հազարաւոր մեղադրողներու, որոնք հոգեպէս կ՛աղաղակեն քու դէմդ, կը խորշին քեզմէ եւ կ՛ատեն աւելի, քան քու բոլոր կատաղի թշնամիները:
Ես միշտ կ՛ըսեմ, թէ հարստութիւնը դաւաճանաբար կը փոխէ անոնց, որոնք վատ կ՛օգտագործէն զայն. ահա կու գայ ժամանակը, որ կ՛ապացուցանէ այդ խօսքերուն իրաւացիութիւնը: Ինչու՞ ես պիտի պահեմ զայն, երբ փորձութեան պահուն քեզի օգուտ բերեր: Եթէ ան զօրութիւն ունի, ապա թող քեզի հետ ըլլայ, երբ անոր կարիքն կը զգաս, եւ եթէ ան քեզմէ կը փախչի, ապա ի՞նչ պէտք է քեզի համար:
Հարստութիւնը վայրի գազան մըն է. եթէ զայն կը փորձեն պահել` կը փախչի, եթէ կը հալածեն կը մնայ: Մսխէ՛ հարստութիւնը, որպէս զի մնայ, հողին մէջ մի՛ թաղեր, որ չփախչի:
Աստուած ինչո՞ւ քեզ հարուստ կը դարձնէ, որպէս զի դուն օգնես կարիքաւորներուն, որպէս զի ուրիշներուն փրկելով` քաւես մեղքերդ, քեզի դրամ կու տայ ոչ այն բանի համար, որպէս զի դուն փականք դնես քու կորուստիդ վրայ, այլ որպէս զի ծախսես քու փրկութեանդ համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.