2015-01-09 10:53:53

Ծնողաց յարգանքը իրենց զաւակներուն հանդէպ


RealAudioMP3 Ընտանիքը, հիմնուած է տարբեր յարաբերութիւններու վրայ` սիրոյ, խնամքի, համբերութեան, եւ մանաւանդ տարիքաւորներուն հանդէպ մեծ համարումին վրայ:
Սակայն Տիրոջ օրէնքը` ոչ միայն զաւակներուն կը հրամայէ` յարգել իրենց ծնողները եւ անոնց հնազանդիլ, այլ նաեւ կը պահանջէ ծնողներէն, որ իրենց զաւակները մեծցնեն առողջ սկզբունքներուն համաձայն, անոնց սորվեցնեն մաքուր կենցաղ մը, զանոնք վարժեցնեն կրօնասիրութեան եւ անոնց ներշնչեն` Աստուծոյ հանդէպ խոր եւ անդրդուելի յարգանք մը:
Այսօր աշխարհը շատ առաք փոփոխութեան կ՛ենթարկուի: Երիտասարդ սերունդը շատ աւելի պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ ընկալելու այդ փոփոխութիւնները, մանաւանդ այն ինչ որ կը հայի առաք հաղորդամիջոցներուն, որոնք մեր ամբողջ կեանքը ձեւով մը կախարդած են: Սակայն պէտք է ըսել նաեւ թէ նոր սերունդը աւելի պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ հասկնալու կեանքը, մասնակցելու քաղաքացիական կեանքին եւ հասկնալու ուրիշը: Հասարակութեան մէջ եւ հասարակութեան համար յարգանքը էական է: Չենք կրնար լաւ ընկերութիւն մը շինել եթէ մենք յարգանք չունինք մեր սեփական ընտանիքին: Որովհետեւ ընտանիք մը հասկնալ կամ յարգել կամ պատուել կը նշանակէ նաեւ մենք մեզ կը յարգենք ուրիշներուն հանդէպ:
Այսօր ծնողքը մեծ եւ կարեւոր պարտականութիւն ունին իրենց զաւակներուն հանդէպ: Անոնք սակայն դաստիարակութեան մէջ պէտք է զգուշանան երեք պակասութիւններէ, որոնք շատ տարածուած են:
Առաջին` պէտք չէ շատ խստութեամբ վարուին իրենց զաւակներուն հետ, ըլլայ խօսքով կամ գործով: Սուրբ Պօղոս կը գրէ. « Հայրեր, ձեր զաւակները բարկութեան մի՛ մղէք, որպէսզի չյուսալքուին»: Որովհետեւ, եթէ ամէն բանէ վախնան, կրնան վհատիլ:
Երկրորդ` պէտք չէ շատ թոյլ ըլլան, երբ իրենց զաւակները յանցանք մը գործած են, որուն համար պէտք է յանդիմանուին եւ պատժուին: Յաճախ կը հանդիպի` որ ծնողներուն թուլութիւնը կը պատճառէ զաւակներուն ապականութիւնը:
Երրորդ` պէտք չէ զաւակներուն կրթութեան իբրեւ նպատակ դնել խոտելի ծրագիրներ, ինչպէս կ՛ընեն շատ մը ծնողներ. ասոնք կ՛երազեն միայն իրենց զաւակներուն ձգել` հարստութիւն, դրամ, եւ մեծ ժառանգութիւն մը, եւ անհոգ կը գտնուին` անոնց սորվեցնելու կրօնքն ու բարեպաշտութիւնը. անոնք չեն վարժեցներ զանոնք պատուաւոր արհեստի մը, այլ անտեսելով անոնց փրկութիւնը ագահութեամբ կը ջանան աւելցնել անոնց հարստութիւնը: Որքան ողբալի ընթացք. անոնք իրենց զաւակները կը դարցնեն` ոչ թէ հարստութեան, այլ իրենց ոճիրներուն եւ անկարգութիւններուն ժառանգորդները, եւ փոխանակ զանոնք առաջնորդելու դէպի երկինք, զանոնք կը քաշեն դէպի դժոխքի յաւիտենական տանջանքները:
Ծնողները թող նմանին Տովբիթ սուրբ եւ առաքինի մարդուն, որպէսզի պարտ ու պատշաճ կերպով իրենց զաւակները Աստուծոյ ծառայութեան եւ սրբութեան վարժեցնելէ ետք, իրենց կարգին, ստանան ամէնէն առատ պտուղներ սիրոյ՛, յարգանքի եւ հնազանդութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.