2015-01-09 09:31:52

Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց՝ ծաղիկներ եւ մատիտներ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 8 Յունուարին հայաստանցիները ծաղիկներ ու մատիտներ զետեղած են Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան շէնքին դիմաց՝ ի յիշատակ 7 Յունուարին Փարիզի մէջ ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծաթերթին վրայ տեղի ունեցած յարձակման։ Այս գործողութեան զոհ գացած լրագրողներուն եւ ոստիկաններուն յիշատակը յարգելու եկած քաղաքացիները յայտնած են, որ տեղի ունեցածը հարուած է խօսքի ազատութեան։ Անոնք մոմեր վառած են, ծաղիկներ եւ մատիտներ տեղադրած։








All the contents on this site are copyrighted ©.