2014-12-29 14:42:24

Պատգամներ Թէզէի համամիութենական հասարակութեան տարեվերջի հանդիպումին առթիւ։


(Ռ.Վ. 29 դեկտեմբեր 2014) 2 Յունուար 2015, Փրակայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Թէզէի համամիութենական հասարակութեան տարեվերջի աւանդական հաւաքը որուն կը մասնակցին զանազան երկիրներէն ժամանած աւելի քան 30 հազար երիտասարդներ։ Այս առթիւ Քանդերպուրրիի առաջնորդ` գերապայծառ Ժասթին Ուելպի պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն որուն մէջ հաստատեց թէ այդ համախմբումը հաշտութեան ու խաղաղութեան խորհրդանիշ է։ Ան ապա շեշտը դրաւ տարբերութիւններու վրայ ու տարբերութիւններէն յառաջացած վախին, ընդգծելով թէ Աստուծոյ մարդեղութիւնը յեղաշրջեց մեր աշխարհը ու երբ մենք կ՛ընդունինք Յիսուս Քրիստոսը մեր կարգին կը դառնանք հաշտութեան պատգամաւորներ։
Իր կարգին Լուտերական համաշխարհային դաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար` Վեր Մարթին Եունկը պատգամ մը յղելով Թեզէի հասարակութեան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես Եւրոպացի երիտասարդներուն համախմբումին միասնաբար աղօթելու, խոկալու եւ իրար զիրար քաջալերելու Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելով եւ խորացնելով իրենց հաւատքն ու յանձնառումը ի սպաս տառապեալին։ Վեր Մարթին Եունկը անդրադարձաւ ապա Պերլինի պատի փլուզումին մատնանշելով թէ շատ մը պատեր տակաւին անհետացած չեն ու այլ պատեր տակաւին կը բարձրանան։ Թող Աստուած օրհնէ ձեր այս հանդիպումը եւ քաջութիւն շնորհէ աշխարհը փոխելու գրեց Վեր Եունկը իր պատգամին աւարտին։
Մինչ Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար` Վերապատուելի Օլավ Թուէյթը իր ուղղած պատգամին մէջ ներկայացուց Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդը որպէս Օրթոտոքս, Անկլիքան եւ Փոխոքական 349 եկեղեցիներու հաղորդութիւն, 560 միլիոն հաւատացեալներով, 100 երկիրներու մէջ, որոնք կը դաւանին Յիսուս Քրիստոսը որպէս Աստուած ու Փրկիչ։ Ան ապա մատնանշեց թէ խորհուրդը յանձնառու է ի սպաս արդարութեան եւ խաղաղութեան ու կը փնտռէ միութեան տեսանելի մէկ արտայայտութիւնը աղօթքի ճանապարհով։ Մենք կանչուած ենք միութեան - գրեց Օլավ Թուէյթ - աշխարհին տալու համար վկայութիւն մը։ Կարիքը կայ արդարութեան եւ խաղաղութեան եւ քրիստոնեաներու յանձնառումը ի սպաս խաղաղութեան պէտք է արտայայտուի քրիստոնէական փոխադարձ զօրակցութեան միջոցաւ, որպէս ծառայութիւն ի սպաս բոլորին խաղաղութեան։
Օլավ Թույէթ ապա հրաւիրեց երիտասարդները ըլլալ ''երկրին աղը'' եւ խաղաղութեան կառուցողները այն ամէն վայրերուն մէջ ուր պայքարներ կը մղուին եւ ըլլալ ընկերային արդարութիւնը բարեփոխող գործիչներ ինչպէս նաեւ հաւատքի եւ սիրոյ միջնորդներ այնտեղ ուր կայ ատելութիւն եւ բռնութիւն։
Աշխարհը պէտք ունի երիտասարդներու որոնք կը հաւատան եւ պատրաստ են ըլլալու երկրի աղը համաշխարհայնացումով եւ աշխարհականացումով յատկանշուած այս դարաշրջանին մէջ գերց Օլավ Թուէյթը։
ՄԱԿԻ ընդհանուր քարտուղար` Պան Քի Մուն եւս պատգամ մը ուղղեց որուն մէջ անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ տարիներու ընթացքին տիրող բաժանումներուն եւ այդ բաժանումներէն յառաջացած մարտահրաւէրներուն ու հրաւէր ուղղեց միասին աշխատիլ արժեւորելու համար երիտասարդներն ու անոնց գաղափարները։ Ան ապա անդրադարձաւ ապագայի ծրագիրներուն եւ այդ ծրագիրներուն մէջ երիտասարդներուն խաղցած կարեւոր դերին կոչ ընելով բոլոր կառավարութիւններուն օգնելու երիտասարդները ու անոնց առիթ ընծայելու մասնակցիլ աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու որոշումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.