2014-12-22 13:35:19

Սրբազան Քահանայապետին Վատիկանի Վարչական իշխանութիւններու անդամներուն հետ հանդիպումը։


(Ռ.Վ. 22 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի 22 Դեկտեմբերի Առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Վարչական իշխանութիւններու անդամներուն հետ հանդիպում ունեցաւ եւ անոնց ուղղեց Ս. Ծննդեան բարեմաղթութեան խօսքը։
Ս. Ծննդեան խորհուրդին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ սիրոյն փաստը։ Աստուած ինքզինք մեզի կը շնորհէ։ Աստուած մեզ կ’ընդունի մեր ամբողջութեամբ եւ մեզի կը շնորհէ թողութիւն։ Հոս հաւաքուած շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ անցնող տարւոյն համար եւ միաժամանակ իրմէ խոնարհաբար թողութիւն կը խնդրենք այն պակասներուն համար որոնք գործեցինք։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներու ուղղած առաջին նամակին, ուր առաքեալը կը գրէ՝ ՙինչպէս մէկ է մարմինը եւ ունի բազում անդամներ, եւ մարմնի այդ բազում անդամները բոլորը մէկ մարմին են, այնպէս ալ՝ Քրիստոս։՚ (Ա Կոր ԺԲ. 12) Այսպէս նաեւ մէկ է Հոգին, որ Եկեղեցւոյ բարիքին համար կը բաշխէ իր բազմապիսի իր պարգեւները։ (Ա Կոր ԺԲ. 1-11) Քրիստոս եւ Եկեղեցին մէկ են։
Վատիկանի Վարչութիւնը կը ներկայանայ իբր Եկեղեցւոյ փոքր օրինակ մը, իբր ՙմարմին՚ մը որ օրէ օր կ’աշխատի ըլլալ աւելի կենսունակ, առողջ, ներդաշնակ եւ միահոգի ինքնիր մէջ եւ Քրիստոսի հետ։
Այս վարչութիւնը որ իր մէջ կը բովանդակէ բազմաթիւ բաժանմունքներ, կոչուած է աշխատելու օրինակելի կերպով, հակառակ իր անդամներու մշակութային, լեզուական եւ ցեղային բազմազանութեան։
Հետեւաբար ըլլալով կենեղուտ մարմին մը, չի կրնար ապրիլ առանց սնելու եւ ինքնահոգատարութեան։ Չի կրնար ապրիլ առանց ունենալու կենսունակ, մտերմիկ, հարազատ եւ ամուր կապ մը Քրիստոսի հետ։
Վարչութեան անդամ մը, որ օր ըստ օրէ չ’ընդունիր այդ սնունդը կը վերածուի լոկ դիւանական պաշտօնեայի (ձեւապաշտ, գործելապաշտ պաշտօնավարի)։ Առանց Քրիստոսի ոչինչ կարող ենք ընել։
Վատիկանի Վարչութիւնը կոչուած է ինքզինք միշտ բարելաւելու, աճելու միութեան, սրբութեան եւ իմաստութեան մէջ կարենալ լիուլի կատարելու իր առաքելութիւնը։ Սակայն ինչպէս ամէն մարմին այս վարչական մարմնին մէջ ալ կան հիւանդութիւններ, կաշկանդումներ եւ վատառողջութիւններ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ ան յիշեց կեանքի զանազան իրավիճակներ ուր մարմնական եւ հոգեկան հիւանդութիւններ մեզ եւ մեր գործունէութեան թափը կը կաշկանդեն։
Ա. Ինքզինք անմահ սեպել
Բ. Բազմազբաղութիւն
Գ. Մտային եւ հոգեկան կարծրացում
Դ. Պաշտօնավարական չափազանցուած գործելակերպ
Ե. Թերի համագործակցութիւն
Զ. Հոգեւոր Ալցհայմեր կամ մոռացում փրկագործութեան պատմութեան
Է. Թշնամութիւն եւ սնափառութիւն
Ը. Գոյութենական սքիցոֆրենիա կամ ապրիլ երկու տարբեր կեանքեր
Թ. Շաղփաղփութիւն
Ժ. Պատասխանատուներու աստուածացում
ԺԱ. Ուրիշներու հանդէպ անտարբերութիւն
ԺԲ. Դէմքի սգայիր արտայայտութիւն
ԺԳ. Հարստութեան կուտակում
ԺԴ. Փակ շրջանակներ
ԺԵ. Ցուցամոլութիւն

Յիշելէ ետք այս բոլորը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ շեշտեց, որ միայն Սուրբ Հոգին կարող է բուժել ամէն հիւանդութիւն։
Բուժման նախապայման է հիւանդութեան գիտակցիլ եւ որոշում գոյացնել բուժման եւ կազդուրման ենթարկուելու։
Հետեւաբար կոչուած ենք՝ Ս. Ծննդեան այս շրջանին եւ միշտ, ՙճշմարտութեամբ ապրիլ սիրոյ մէջ, ամէն բան աճեցնենք անոր մէջ, որ գլուխն է՝ Քրիստոս։ Անկէ կախեալ է ամբողջ մարմինը, իրար ամրօրէն միացած զանազան յօդերով, այնպէս որ, երբ մարմնի իւրաքանչիւր մասը կը գործէ ինչպէս որ պէտք է, ամբողջ մարմինը կ’աճի եւ կը կառուցուի սիրոյ մէջ։՚ (Եփես Դ. 15-16)








All the contents on this site are copyrighted ©.