2014-12-22 10:03:25

Իտալական Քարիթասը օգնութեան կը հասնի Իրաքի քրիստոնեաներուն։


(Ռ.Վ. 22 դեկտեմբեր 2014) ''Միջին Արեւելքէն հեռացած քրիստոնեաները կը հայցեն մեր զօրակցութիւնը'' յայտարարած է գերապայծառ ֆրանչեսքօ Սոտտու` Իտալական Քարիթասի տնօրէնը։
Ան մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսած է ''չենք կարող համակերպիլ այն գաղափարին` տեսնելու Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնեաներուն''։
Իտալական Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչին որոշած է օգնութեան հասնիլ շուրջ 200 հազար Իրաքցի քրիստոնեաներուն, որոնք արտահան եղան դէպի իրաքեան Քիւրդիստանը ձերբազատուելու իսլամական պետութեան մահացու ճանկերէն։ Մոռնալու չենք, ըսած է գերապայծառ Սոտտու, որ Իրաքի քրիստոնեաները կը տառապին որովհետեւ ամուր կառչած են Քրիստոսի։ Ամէնքս կանչուած ենք համակրութիւն ցոյց տալու անոնց, մասնաւորապէս այս շրջանին ուր կը պատրաստուինք մեր Տիրոջ ս. Ծնունդը տօնելու։
Իտալական Քարիթասը ներկայիս մշակած է երեք մասերով ծրագիր մը` նախ տունի կերտում, ապա ընտանիքներու օգնութեան հասնիլ իսկ երրորդը, դպրոցներու շինութիւն։
Այս ծրագիրին նպատակն է քաջալերել քրիստոնեաները չհեռանալ իրենց հայրենիքէն։ Իտալական Քարիթասը իր կայքին վրայ յատուկ էջ մը բացած է հետեւեալ նշանաբանով. ‘’Իրաքցի գաղթականներէն, մէկ ընտանիք մը որդեգրէ’’։








All the contents on this site are copyrighted ©.