2014-12-22 10:53:21

Դեկտեմբեր 23-ին 100 Սուրիահայ երեխաներ Ամանորեայ նուէրներ պիտի ստանան 100 յայտնիներէ։


Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան համագործակցութեամբ պիտի իրականացուի իւրայատուկ ծրագիր` «100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար»:
Ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստանի 100 յայտնի մարդիկ, Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի ծայրամասերուն մէջ բնակութիւն հաստատած 100 սուրիահայ երեխաներու համար «Հարիւր» խորհրդանշական թիւով ամանորեայ նուէրներ պատրաստած են:
Նշենք, որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ 18 ուքրանահայ երեխաներ, որոնք երկրին մէջ տիրող անկայուն վիճակէն ետք տեղափոխուած են Հայաստան:
«100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար» ծրագիրի գլխաւոր գործընկերը «Ջամբօ» ռեստորան-զբօսայգին է: Վերջինիս սեփականատէր Արտեոմ Վարդանեան Դեկտեմբեր 23-ին, ժամը 14:00-ին 100 սուրիահայ երեխաները պիտի հիւրընկալէ «Ջամբօ» ռեստորանին մէջ, ուր անոնց բազմաթիւ անակնկալներ կը սպասէ:
Ծրագիրի համերգային մասին մէջ իրենց կատարումներով հանդէս պիտի գան յայտնի երգիչ-երգչուհիներ` Զարուհի Պապայեան, Արսէն Գրիգորեան (Մրօ), Նառան, Անգելինա Գասպարեան, Պեթին, Տալիթան եւ այլք:
Ձեռնարկին աւարտին սուրիահայ երեխաները կը ստանան իրենց ամանորեայ նուէրները:
Ծրագիրի ծիրէն ներս արդէն նուէրներ պատրաստած են աւելի քան 80 յայտնի մարդիկ:
Հաշուի առնելով հասարակութեան մեծ հետաքրքրութիւնը ծրագիրին հանդէպ եւ երեխաներու մեծ թիւը` որոշուած է իրականացնել նաեւ երկրորդ փուլը` «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» խորագիրով, որուն ծիրէն ներս եւս 100 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու պիտի յանձնուին ամանորեայ նուէրներ: Այս անգամ իբրեւ նուիրատուներ ընդգրկուած են համահայկական եւ միջազգային կառոյցները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու հայաստանեան ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ:
Երկրորդ փուլի ամանորեայ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 24-ին «Փլէյ-Սիթի» զուարճանքներու կեդրոնին մէջ:
Ծրագիրի մէկ փուլն ալ պիտի իրականացուի Արարատի մարզի Դարբնիկ գիւղին մէջ բնակող սուրիահայ եւ իրաքահայ ընտանիքներու երեխաներուն համար:
«100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար», ինչպէս նաեւ «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» ծրագիրները ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հերթական նախաձեռնութիւնն է` ուղղուած Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:








All the contents on this site are copyrighted ©.