2014-12-20 08:31:34

Ողջախոհութեան գործադրումը


RealAudioMP3 Կրօնաւորի համար ողջախոհութեան ուխտը եւ առաքինութեան գրոծադրումը միեւնոյն նիւթը ունին, որ է, 6րդ եւ 10րդ պատուիրանները: Թերացումն այս նիւթի մէջ բազմաթիւ մեղքեր յառաջ կը բերէ:
Թերացումը Ողջախոհութեան առաքինութեան դէմ՝ ինչպէս որեւէ քրիստոնեայի համար, ծանր մեղք է ընդհանրապէս:
Թերացում Ուխտի ղէմ. Աստուծոյ առած խոստումը պահած չըլլալով եւ սրբապղծութիւնը Աստուծոյ նուիրեալ մէկ բան մը պղծուած ըլլալուն, առաջինին պէս ծանր մեղք է:
Երբեմն կրնայ եղբայրսիրութեան դէմ մեղքեր գործել, երբ անպատուութիւն կը պատճառէ թերացողը իր միաբանութեան, որուն կը պատկանի:
Ողջախոհութեան եւ առաքինութեան մէջ թերացումները կրնան ըլլալ արտաքին խօսքերով, գործով, նայուածքով, ներքին մտածութեամբ, երեւակայութեամբ եւ փափագով:
Թերացման ծանր ըլլալու համար հարկ չկայ թերացումի արտաքին գործին ընկերացումը. միայն ներքինն ալ բաւական է. որովհետեւ անոնք ալ մեր մէջ կրնան անկարգ հաճոյք յառաջ բերել:
«Ամէն մարդ, որ կնոջ մը կը նայի ցանկանալու համար, արդէն շնա֊ցաւ անոր նետ իր սրտին մէջ (Մտթ. 5, 28):
Հետեւարար, ընդունուած կանոն է, թէ ողջախոհութեան մէջ նիւթի թեթեւութիւն չկայ. ամէն թերացում ծանր է:
Սակայն կը հասկցուի , որ ծանր ըլլալու համար անպայման միշտ անհրաժեշտ է լիուլի ծանօթութիւն եւ հաւանութիւն արտաքին կամ ներքին գործի մէջ:
Երբ կան ծանօթութիւն եւ հաւանութիւն, այսինքն լիուլի կամք կամ գիտակցութիւն, մեղքր միշտ ծանր է. երբ անգիտակցութիւն կայ` ոչ. ան կարելի է կոչել թեթեւութիւն, երբ մանաւանդ գործը կատարուի թեթեւութեամբ եւ անուշադրութեամբ:
Ողջախոհութեան մէջ թերացումներէն զատ կան նաեւ արտաքին եւ ինչ-ինչ ներքին գործեր, որ ուղղակի այդ առաքինութիւնր չեն վիրաւորեր, բայց մեզ կ՛ենթարկեն մեղանչելու անմիջական վտանգին, այդ գործերը կը կայանան մտածութեան եւ զգայարնքներուն ազատութիւն տալու մէջ, ազատութիւններ, որոնք իրենք իրենց մէջ մեղք չեն, բայց կարող են մեղքի առաջնորդել:
Արտաքին գործերը հետեւեալներն են.
Աչքերու ազատութիւնը կամ չմահացնելը, նուազ պարկեշտ նա֊յուածքներ իրերուն կամ անձերուն, համակարգիչի մէջ անվայել փնտրտուքներ, որ կրնան զգայասէր մտածութիւններ արթնցնել, նոյնպէս որոշ գիրքերու ընթերցումները: Անոնք ներքին խռովութիւններու պատճառ կը հանդիսանան եւ անկարգութեան կրնան տանիլ :
Լսելիքը. ազատութիւն հետաքրքրուելու. անյագ սպասելու զանազան լուրեր:
Լեզուի ազատութիւն. երկդիմի եւ անպարկեշտ խօսքերով կամ չափազանց զգայական գորովալի խօսքերով:
Դպչելու ազատութիւն, առանց հարկի եւ պատճառի ընտանութեան ինչ-ինչ ցոյցեր, ձեռքի խաղեր, զգացական բարեկամութեան նշաններ :
Կեցուածքի ազատութիւն. թոյլ եւ մեղք դիրք, շարժուձեւը ոչ այնքան համեստ, սովորութիւններ հանդերձաւորման, քայլուածքի, նստելու ազատ եւ աշխարհիկ ձեւեր եւ այլն:







All the contents on this site are copyrighted ©.