2014-12-20 09:04:58

Հայոց Ցեղասպանութեան 100- ամեակի Լիբանանի մարմինը այցելեց Ռայի Պատրիարքին


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ Պքերքէի մէջ պիտի զետեղուի խաչքար մը` եկեղեցիներուն միջեւ քրիստոնէական միասնականութեան իբրեւ խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ իբրեւ գնահատական` 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հիւրընկալելու Լիբանանի կեցուածքին:
Հանդիպումէն ետք 100-ամեակի Լիբանանի մարմինի նախագահ Սեդա Խտըշեան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առաջադրուած է Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու անդամ Սարգիս Պուտագեանի կողմէ:
Ան նշեց, որ առաջարկուած է լիբանանեան քրիստոնէական երեք կեդրոններու մէջ զետեղել հայկական քրիստոնէական խաչքարեր, ընդգծելու համար լիբանանցիներուն հետ հայութեան ամրապնդուած յարաբերութիւնները:
«Պքերքէ քրիստոնէութեան խորհրդանիշ մըն է` հայութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն համար: Մենք կը փափաքինք խաչքար մը զետեղել հոս` Պքերքէի մէջ` Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած ու բռնագաղթի ենթարկուած հայութիւնը հիւրընկալած լիբանանցի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնելու համար: Այդ խաչքարը պիտի ըլլայ Լիբանանին եւ լիբանանցիին յայտնուած յարգանքն ու շնորհակալիքը: Անիկա քրստոնէութիւն խորհրդանշող քրիստոնեայ արտայայտութիւնն է», ըսաւ Ս. Խտըշեան` աւելցնելով, որ երեք կեդրոններուն մաս կը կազմեն նաեւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու կեդրոնատեղին, որպէսզի խորհրդանշուի նաեւ հայութեան ունեցած ներդրումն ու գործակցութիւնը Լիբանանի տնտեսութեան եւ բարգաւաճման մէջ:
Իր կարգին, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան շեշտեց, որ Պքերքէ քրիստոնեայ Արեւելքին փարոսն է, եւ այդ պատճառով ալ մենք կը փափաքինք հոն զետեղել մեր երկրէն բեկոր մը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Ռայի պատրիարք կը զօրակցի Հայ դատի արդարացիութեան եւ ընդառաջած է պատուիրակութեան նախաձեռնութեան, ինչպէս միշտ կառչած մնալով քրիստոնեայ ժողովուրդի իր հողերուն վրայ պահելու իր համոզումին:
Միւս կողմէ, Սարգիս Պուտագեան շեշտեց, որ իրենց քրիստոնեայ արմատները պինդ են ու ամուր իրենց գտնուած հողին վրայ եւ անոնք աւելի եւս կը հզօրանան, երբ Պքերքէի կը նուիրեն Հայաստանէն բերուած քարի բեկորը, որ կը կրէ կենաց խաչը:







All the contents on this site are copyrighted ©.