2014-12-20 10:21:51

Համամարդկային Զօրակցութեան Միջազգային Օր։


(Ռ.Վ 20 դեկտեմբեր 2014) ՄԱԿի համաժողովը 2005 տարւոյն Դեկտեմբերի 22ին ճանչցաւ ''զօրակցութիւնը'' իբր տիեզերական հիմնական արժէքներէն մէկը, որ պէտք է ամրացուած ըլլայ 21րդ դարու ժողովուրդներու յարաբերութեան հիմքին մէջ, եւ այս նպատակով որոշեց իւրաքանչիւր տարուան Դեկտեմբերի 20ը հռչակել Մարդկային Զօրակցութեան Միջազգային Օր։
Օրուան նպատակն է չքացնել աղքատութիւնը եւ զարկ տալ մարդկային եւ ընկերային զարգացման՝ այն երկիրներուն մէջ, որոնք զարգացման ճանապարհի վրայ կը գտնուին, յատկապէս իրենց բնակչութեան ամենէն աղքատ հատուածներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.