9 Սա՛ առակն ալ ըսաւ ոմանց, որոնք իրենք իրենց վրայ կը վստահէին թէ արդար են, եւ կ'անարգէին
ուրիշները. 10 «Երկու մարդ տաճարը բարձրացաւ աղօթելու, մէկը` Փարիսեցի, ու միւսը`
մաքսաւոր: 11 Փարիսեցին կայնած էր եւ սա՛պէս կ'աղօթէր ինքնիրեն. “[Ո՛վ] Աստուած, շնորհակալ
եմ քեզմէ` որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող, կամ ալ այս մաքսաւորին
պէս. 12 [հապա] շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, եւ ամբողջ *եկամուտիս տասանորդը
կու տամ”: 13 Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայնած էր, ու չէր ուզեր աչքն ալ բարձրացնել երկինք,
հապա` ծեծելով իր կուրծքը` կ'ըսէր. “Աստուա՛ծ, *ներէ՛ ինծի` մեղաւորիս”: 14 Կը յայտարարեմ
ձեզի թէ ասիկա [այն] միւսէն աւելի արդարացած իջաւ իր տունը. որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ
ինքզինք` պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք` պիտի բարձրանայ»: