2014-12-20 08:38:49

Զ. Կիրակի Յիսնակաց
Ղուկաս ԺԸ, 9-14


RealAudioMP3 Յիսուս, այսօրուայ փարիսեցիի եւ մաքսաւորի առակով կ՛ուզէ մեզ` հաւատացեալներս զգուշացնել այն մարդոցմէ, որոնք իրենց կեանքի մէջ համարումը ունին թէ արդար են եւ ուրիշները կ՛առհամարէն:
Ան կ՛ըսէ թէ երկու մարդիկ տաճար գացին աղօթելու. մէկը` փարիսեցի, միւսը` մաքսաւոր: Փարիսեցին կը ներկայացնէ հրեայ ժողովուրդը որ կը հաւատար թէ Մովսիսական օրէնքներու գործադրութեամբ կրնար արդարանալ: Իսկ մաքսաւորը կը ներկայացնէ այն մարդիկը որ միշտ կը ցանկան ու կը փնտռեն փրկութիւնը:
Փարիսեցին կը ներկայացնէ անզիղջ եւ անապաշխար մարդիկը, իսկ մաքսաւորը` զղջացող ու ապաշխարող մարդիկը:
Փարիսեցին կեղծաւոր մըն է, եւ կեղծաւորին համար բարեպաշտ երեւելու կամ ձեւանալու լաւագոյն տեղը տաճարն է, եկեղեցին է:
Փարիսեցին, Աստուծոյ ներկայութեան կանգնած` ինքզինքն էր որ կը գովէր. իր գործերուն մասին էր որ կը պատմէր: Ան իր ձեւական աղօթքին մէջ ո՛չ մէկ բան խնդրեց Աստուծմէ, եւ իր վերաբերմունքով կարծէք ըսել կ՛ուզէր թէ ինք ինքնաբաւ էր, պէտք չունէր Աստուծոյ օգնութեան: Փարիսեցին ինքնահաւան էր, եւ ինքնահաւան մարդը չի տեսներ ուրիշին արժէքն ու կարողութիւնները: Փարիսեցին արդար էր, բայց ափսոս հպարտ էր, իսկ մաքսաւորը մեղաւոր էր բայց հեզ ու խոնարհ: Մաքսաւորը իր աղօթքով մեզի կը սորվեցնէ թէ ան որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ` Աստուած զինք պիտի բարձրացնէ: Ան իր վերաբերմունքով սորվեցուց մեզի, որ պէտք չէ թոյլ տանք որ մեր մեղքերը մեզ հեռու պահեն Աստուծմէ, կամ արգիլեն որ մենք անոր ողորմութիւնը խնդրենք, այլ պէտք է միշտ ակնկալութեամբ եւ յոյսով դիմենք Տիրոջ:
Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Մաքսաւորը չհամարձակեցաւ վեր նայելու, որովհետեւ իր խիղճը զինք դէպի վար կը ճնշէր. իր յոյսը սակայն, զինք դէպի վեր բարձրացուց»:
ՄԱՔՍԱՒՈՐԸ խորանհ մէկ կեցուածք ունէր, մէկ կողմ քաշուած կը կենար եւ չէր համարձակեր եւ ոչ իսկ իր աչքերը երկինք բարձրացնել, այլ իր կուրծքը կը ծեծէր ըսելով. «Աստուած իմ, ներէ ինծի մեղաւորիս»: Մէկ խօսքով անկեղծօրէն կը խոստովանէր իր մեղաւոր ըլլալը եւ Աստուծոյ բարեգթութիւնը կը հայցէր ինչպէս նաեւ Աստուծոյ Հօր անհուն ողորմութեան կ՛ապաւինէր: Իր այս խոնարհ ընթացքովը, ինչպէս կ՛ըսէ աւետարանը, տուն իջաւ աւելի արդար քան փարիսեցին:
Այսօրուայ աւետարանական հատուածէն կրնանք եզրակացնել թէ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ հիմն է ամէն առաքինութեան, ամէն կատարելութեան, ամէն սրբութեան: Աստուած խոնարհ հոգիները ընտրած է միշտ` մեծամեծ գործեր կատարելու համար, օրինակ` Ս. Կոյսը եւ Սուրբերը:
«Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն եւ իր շնորհքը կու տայ խոնարհներուն» կը հաստատէ Սուրբ Պետրոս:
Ուստի ո՛վ մարդ խոնարհ եղի՛ր. եղի՛ր խոնարհ դաշտերու խոտին պէս: Որովհետեւ քաջ մարդը այն չէ, որ կը յաղթէ իր սրտին, հապա այն է որ կը յաղթէ իր ինքնասիրութեանը, իր հպարտութեանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.