2014-12-20 09:31:11

''Բռնութիւնը կը շարունակէ արիւնել Իրաքը'' Յորդանանի թեմի առաջնորդ`գերապայծառ Լինկուայի վկայութիւնը։


(Ռ.Վ 20 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 19 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Իրաքի մայրաքաղաքը թիրախ դարձաւ շարք մը պայթումներու որուն զոհ գացին 11 հոգիներ եւ 24 վիրաւորներ։
Այս դէպքը շարունակութիւնն է հինգշաբթի օրուայ (18 Դեկտեմբեր 2014) սրտաճմլիկ լուրին`երբ 150 կիներ, որոնց շարքին յղի կիներ, սպաննուեցան որովհետեւ յանդգնեցան մերժել պսակուիլ իսլամ պետութեան ռազմիկներուն հետ։
Մինչ այն քիւրտ Փեշմերկաները նոր նուաճումներ կատարած են Իրաքի հիւսիսային շտջքնի մէջ։ Գերապայծառ Լինկուայի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով հաստատեց որ կիները ու մանուկները առաջին զոհերն են այս անտէր վիճակին։ Յաճախ անոնց կը յանձնուի ամենադժուար ու բարդ դերը։ Եկեղեցին իր անձնազոհ ու նուիրեալ քահանաներու ու կրօնաւորներու շնորհիւ մեծ յանձնառումով ու նուիրումով յաճախ կ՛այցելէ գաղթավայրերը։
Ես անձամբ, աւելցուց գերապայծառ Լինկուա, այցելած եմ այդ վայրերը ու կը վկայեմ որ մարդիկը գոհ են երբ մեզ կը տեսնեն։ Յաճախ պարզ ողջոյն մը իրենց քաջութիւն կը ներշնչէ։ Ներկայիս Յիսուսի ս. Ծննդեան առթիւ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ օգնութեան կը հասնին անօճախներուն եւ մասնաւորապէս մանուկներուն` նուէրներ ուղարկելով անոնց ։








All the contents on this site are copyrighted ©.