2014-12-19 12:05:10

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը


(Ռ.Վ. 19 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 19 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի պատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին, մասնակցեցաւ Վատիկանի ''Redemptoris Mater'' մատուռին մէջ տեղի ունեցող Յիսնակաց շրջանի աւանդական խորհրդածութիւններու վերջին նիստին, ։ Խորհրդածութիւնը ներկայացուց Քահանայապետական տան քարոզիչը Հայր Ռանիէրօ Քանթալամեսսան որ` ի տես խաղաղութեան ցաւալի իրավիճակին, այս տարուայ որպէս նիւթ ընտրած է ` Ղուկասի աւետարանէն (Ղուկ 2,14) քաղուած` ''Երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց` Աստուծոյ սիրելիներուն'' նիւթը։
Առաջին օրուայ խորհրդածութիւնը` 5 դեկտեմբերին, նուիրուած էր ''խաղաղութիւնը որպէս մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւ'' նիւթին։ Երկրորդ նիստը, որ տեղի ունեցաւ 12 դեկտեմբերին, ունէր որպէս նիւթ` ''խաղաղութիւնը որպէս աշխատասիրութեան պարտականութիւն'' ներշնչուած երանութիւններէն` ''երանի խաղարարներուն'', մինչ այսօրուայ երրորդ ու վերջին նիստի խորհրդածութեան նիւթը հանդիսացաւ ''խաղաղութիւնը որպէս Սուրբ Հոգւոյն պարգեւ, հոգիի ներքին խաղաղութիւնը'' ։
Մտածականներու նիստի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց կարդինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը ու ապա ընդունեց Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Ժորժ Փոնդիէ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը կազմուած համահաւաք դասի երկու փոխ նախագահներէն եւ քարտուղարէն։
Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց` ս. Ծննդեան տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած տօնածառն ու մսուրը նուիրողներու պատուիրակութիւնները հուսկ ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ հանդիպեցաւ Իտալիոյ Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պատասխանատուներուն եւ մարզիկներուն որոնք առաւօտեան մասնակցեցան սուրբ պատարագի արարողութեան որպէս եզրափակում Իտալիոյ Ազգային ողիմպիական կոմիտէի հիմնադրութեան 100 ամեակի յոբելենական տօնախմբութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.