2014-12-18 09:55:16

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդը վաւերացուց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրը


Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը վաւերացուցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու կայքը: Ըստ փաստաթուղթին, Հայաստան Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ կը դառնայ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի հետ: Նախապէս փաստաթուղթը վաւերացուցած էր Ռուսիոյ Տուման:
Ազրպէյճանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպան Նիքոլայ Փացքեւիչ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը ոչ մէկ ձեւով
կ՛անդրադառնայ Ազրպէյճանի շահերուն վրայ:
«Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը պիտի իրականացուի միջազգային իրաւունքին համապատասխան: Ատիկա ոչ մէկ ձեւով պիտի ոտնակոխէ Ազրպէյճանի շահերը», ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան ըսած է դիւանագէտը` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամներուն թիւը կ՛աւելնայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.