2014-12-18 14:40:14

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Յիշատակարաններ

Յիշատակարանները հայ ձեռագրական ժառանգութեան մէջ մեծապէս ընդհանրացած եւ զարգացած ժանր մըն է։ Յիշատարականը նախ տեղեկութիւն է ձեռագրի մը կազմաւորման ընթացքի մասին։ Հոն կը գտնենք տեղեկութիւններ պատուէր տուողի, գրողի կամ ընդօրինակողի մասին, ձեռագրի պատրաստութեան կամ նորոգութեան աշխատանքի հետ կապուած տուեալներ, ապա նաեւ ձեռագրի արտադրութեան ժամանակամիջոցի կատարուած իրադարձութիւններու կամ պատմական դէպքերու մասին եւ վերջապէս ընդօրինակողի, գրիչի կամ ծաղկողի անհատի եւ անոր ընտանիքի մասին մանրամասնութիւններ եւ անոնց հոգիէն բխած աղօթքի կամ օրհնանքի խօսքեր։ Ապա՝ գանգատ կամ դրուատիք, անէծք՝ ձեռագիրը փճացնողի կամ անյարգ կերպով գործածողի հասցէին։ Յիշատակարանները կրնան ըլլալ արձակ կամ յանգաւոր։
Ասոր համար ոչ միայն ձեռագիրներու ցուցակներու մէջ ձեռագրի նկարագրութեան մաս կը կազմէ անոր յիշատակարանի մէջբերումը, այլ կան յատուկ յիշատակարաններու հաւաքածոներ։
Սովետական Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտը բազմահատոր հրատարակութեամբ միահաւաքած է ստուար թիւ մը յիշատակարաններու։
1950ին լոյս տեսած է ԺԴ. դարի յիշատակարաններու հատորը խմբագրութեամբ Լեւոն Խաչիկեանի։
Հոն կը կարդանք հետեւեալ տողերը՝ «Միջնադարեան հայերէն ձեռագրերի յիշատակարանները, նման վիմական արձանագրութիւնների, այն կարեւոր սկզբնաղբիւրներն են, որոնց հաւաքումն ու գիտական սկզբունքներով հրատարակութիւնը նպաստելու է հայ ժողովուրդի պատմութեան մի շարք բնագաւառների ուսումնասիրութիւնը խորացնելու գործին։ Նրանցում ուշագրաւ նիւթեր կան նաեւ հարեւան ժողովուրդներու մասին։
Ձեռագրերի գրիչներն ու պատուիրատուները, կազմողներն ու նորոգողները, ընթերցողների յիշատակութեան արժանանալու ակնկալութեամբ, ձեռագրերի վերջում եւ առանձին հատուածների աւարտից յետոյ թողել են սեղմ ու համառօտ յիշատակարաններ ... Գրուած լինելով պատմուող դէպքերին ականատես ու ականջալուր մարդկանց կողմից, նրանց հաղորդած տեղեկութիւնները վստահելի են։ Ժամանակագրական ու պատմական անճշտութիւններ ու սխալներ գրեթէ իսպառ բացակայում են յիշատակարաններից ... Յիշատակարանների արժէքը աւելի է մեծանում եւ նրանք աւելի խոշոր դեր են ստանձնում կատարելու այնպիսի ժամանակաշրջանների ուսումնասիրման համար, որոնց մասին պատմական գրուածքներ մեզ չեն հասել, կամ հասել են աննշան քանակութեամբ։ Այդպիսի դարերից է ԺԴ. դարը։»
Գաղափար մը կազմելու համար մէջբերենք հոս երկու յիշատակարաններ։
1306 թուականէն, Յովհաննէս Երզնկացիի կողմէ ընդօրինակուած «Յովհաննէս Աւետարանի Տեսութիւն»։
«Կարգիս եւ զանձն իմ եղկելի,
Եւ մեղսաներկ արհեստ գրչի
Զոր եւ մատամբ ծրագրեցի
Ես՝ Յովհաննէս աղքատ ոգի,
Տառապանօք թանձրագունի,
Կարօտութեամբ անպատմելի,
Սակայն փափաք յոյժ տենչալի
Եւ ախորժանք անքննելի
Զիս յորդորեաց յայս գործ իրի՝
Զսա շարել ի քարտիսի.
Զի յայս տեղիքս յորում էի
Էր դպրութիւն հրաշալի.
Եւ ես կարօտ այսմ տառի,
Զի յիւր տեղին սա հասանի,
Շտապեցա յաւէտ կարի,
Բայց իւր տեղոջն ոչ հասուցի,
Զի եկն եհաս սա ի կարգի,
Ընթեռնելոյ ի հանդիսի,
Տակաւ կիսով չափ է թերի,
Հանգէտ գոլով սա աւարտի։
Զոր աղաչեմք, որք հանդիպի
Աստուածախօս այս մատենի,
Յիշման գոլով զմեզ արժանի
Զենման գառինըն առաջի
Եւ մաղթանք աղերսալի
Խոշորութեանս ներելի։»

Աւետարան 1309, Ստեփանոս Գրիչ, Կիլիկիա։
«Զտառապեալս բարեաւք եւ զփարթամս չարեաւք, զեղկելիս ոգւով եւ զթշվառականս մարմնով, զծառայից ծառայ զՍտեփանոս սարկաւագ, աղաչեմ զձեզ, սուրբ հարք եւ եղբարք մեր ի Քրիստոս, ցաւակցաբար յիշեցէք զանպիտանս ի բարի Քրիստոս, հանգիստ եւ ողորմութիւն գտանել մեզ եւ մերոցն յաւուրն այցելութեան. եւ ըստ հաւատոց ձերոց առնոյք զփոխարէն ի յայն, որ զոր կամի կարէ տալ, եւ նմա փառք յաւիտեանս, ամէն։
Զստացող սուրբ աւետարանիս, զքրիստոսասէր եւ զթագազարմն տիկինն, զդուստր սպարապետի ամենայն հայոց՝ զտիկին Զապլուն, որդաւք իւրովք եւ բնաւին զարմիւք, յիշեցէք աղաւթիւք առ տէր, ո՜վ մանկունք Սիովնի։»







All the contents on this site are copyrighted ©.