2014-12-18 11:31:16

''Դեսպանին գործունէութիւնը փոքրիկ քայլերու աշխատանք է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունելով 13 երկիրնեու դեսպանները, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։


(Ռ.Վ. 18 դեկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի 18 դեկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, ընդունեց 13 երկիրներու Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպանները` Մոնկոլիա, Պահամաս, Տոմինիքա, Թանզանիա, Տանիմարքա, Մալաիզիա, Ռուանտա, Ֆինլանտիա, Նոր Զելանտա, Մալի, Թոկօ, Պանկլատէշ, Քաթար։
Դեսպաններուն արտասանած անպատրաստից հակիրճ խօսքին մէջ, մաղթեց բարի գալուստ եւ պտղաբեր աշխատանք։
Դեսպանին գործունէութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - փոքրիկ քայլերու աշխատանք է որ կը պսակուի խաղաղութեամբ, ժողովուրդներու սրտերու մօտեցումով եւ ժողովուրդներու մէջ եղբայրութիւն սերմանելով։ Այս է ձեր առաքելութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումին որ կարելի եղաւ ''դեսպաններու աշխատանքին շնորհիւ'' յայտնեց Նորին Սրբութիւնը բոլորին մաղթելով որ իրենց գործը եւս ըլլայ բարի եւ պտղաբեր ու հայցեց Աստուածային օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.