2014-12-18 09:34:25

Անգլիոյ եպիսկոպոսները կը խնդրեն ստեղծագործ աւետարանութիւն։


(Ռ.Վ. 18 դեկտեմբեր 2014) ''Թիկունք կանգնիլ, ներշնչել ու քաջալերել Անգլիոյ ժողովրդապետութիւնները աւելի ստեղծագործ աւետարանութեան մը ի խնդիր աշխատելու, ինչպէս բաղձանք յայտնած է ֆրանչիսկոս Պապը ‘’Evangelii Gaudium` Աւետարանի Ուրախութիւնը’’ շրջաբերական թուղթին մէջ'' այս է Անգլիոյ եպիսկոպոսներու բաղձանքը որուն ուղղութեամբ, 2015 տարւոյն համար միսիոնարական ծրագիր մը պատրաստած են։
Կարտինալ Vincent Nichols` նախագահը Անգլիոյ եպիսկոպոսական դասին յայտնեց թէ այդ նախաձեռնութիւնը ուղղուած է կղերին ու հաւատացեալներուն, որպէսզի միասնաբար քարոզեն Աւետարանը։ Նախաձեռնութեան նպատակն է, ինչպէս կը քաջալերէ ֆրանչիսկոս քահանայապետը, ձեռնարկել ու որոնել նոր ուղիներ։ Յիսուսի հետ մեր հանդիպումը թող ըլլայ պարզ սակայն արմատական ու ստեղծագործ։ Յայտագիրը կը ներփակէ 5 մասեր։ Առաջինը` նախապատրաստական բնոյթ ունի, ծրագիրի մը պատրաստութիւնը ու բաշխումը ժողովրդապետութիւններու։ Ապա նախատեսուած է բաշխումը ծիսական գրքոյկներու ծխական եկեղեցիներու մէջ հասարակաց աղօթքին համար, հուսկ ազգային հաւաքին կազմակերպումը` հայող աւետարանութեան նիւթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.