2014-12-18 11:31:40

2.4 միլիոն տոլար կը հաւաքուի ի նպաստ Հայաստանի երեխաներուն


ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12ին, Նիւ Եորքի «Քիփրիանի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի տարեկան 11րդ դրամահաւաքի հաւաքոյթը՝ ի մի բերելով աւելի քան 450 համակիրներ։
Ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 2.4 միլիոնի հասնող նուիրատուութիւններ, որոնց շնորհիւ Հայաստանի գիւղերուն մէջ կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել:
Դոկտ. Կարօ Արմէնի գլխաւորած սոյն կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, ներկաները վայելած են Հայաստանէն ժամանած շարք մը երեխաներու հոյակապ կատարումները, իսկ հանդիսավարը եղած է «Թոնի» մրցանակին արժանացած դերասանուհի Էնտրէա Մարթինը։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցած են նաեւ Իզապէլ Պայրաքտարեան եւ Ուիլ Չեմփլին։
Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի վարչութեան անդամ Մայքըլ Արամ կազմակերպութեան «Մարդասիրական» մրցանակը յանձնած է Արա Արսլանեանին, իսկ «Սերունդը Փրկէ» մրցանակը՝ Ալեքսիս Օհանեանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.