2014-12-17 10:39:01

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ընտանիքը. Նազարէթ''։


(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, սուրբ Պետրոսի հրատարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակին ունկնդրութիւն եւ այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ շարունակելով եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի մասին անցեալ շաբաթ սկիզբ առած խորհրդածութիւնները խօսեցաւ Ընտանիքի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր – ըսաւ Ան - Ընտանիքի մասին վերջերս գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը հանդիսացաւ առաջին հանգրուանը ուղեւորութեան մը որ կ՛աւարտի յառաջիկայ հոկտեմբեր 2015-ին­ այլ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մը գումարումով, որուն բնաբանն է ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին մէջ''։
Աղօթքն ու խոկումները որ այս ուղեւորութեան պէտք են ընկերանալ կը հային Աստուծոյ համայն ժողովուրդին եւ ասոր համար պիտի ուզենայի որ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները եւս մաս կազմեն այս միասնական ուղեւորութեան եւ ասոր համար որոշեցի ձեր հետ միասին խորհրդածել Ընտանիքի մասին, այս մեծ շնորհքին որ Տէրը ի սկզբանէ պարգեւեց աշխարհին,Ադամին եւ Եւային յանձնելով աճելու ու բազմանալու եւ երկիրը լեցնելու առաքելութիւնը։
Սուրբ Ծննդեան տօնի մօտիկութիւնը այս խորհուրդին վրայ կը վառէ հզօր լոյս մը. Աստուծոյ Որդոյն մարմնացումը նոր սկիզբ կու տայ մարդու եւ կնոջ տիեզերական պատմութեան եւ այս սկիզբը տեղի կ՛ունենայ ընտանիքի մը ծոցին մէջ` Նազարէթինը։
Աստուած ի սկզբանէ որոշեց ծնիլ մարդկային ընտանիքի մը մէջ։ Հռոմէական կայսրութեան արուարձաններու մէկ քաղաքի մը մէջ։ Այնտեղ է որ սկիզբ առաւ Յիսուս պատմութիւնը մարդկութեան մէջ ուր Ան երեսուն տարիներ ամբողջ ապրեցաւ։
Ամէն մէկ ընտանիք կարող է ընկալել Յիսուսը, այնպէս ինչպէս ըրին Մարիամն ու Յովսէփը. Մտիկ ընել Անոր եւ Անոր հետ զրուցել, ու անոր հետ աճիլ ու աշխարհը բարելաւել։ Մեր սրտերուն ու մեր առօրեային մէջ տեղ բանանք Անոր ինչպէս ըրաւ Նազարէթի ընտանիքը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Նազարէթի ընտանիքը մեզ կը հրաւիրէ վերագտնելու ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը։ Այնպէս ինչպէս պատահեցաւ անցեալին այսօր եւս կարելի է մեր մէջ պատահի որ սովորական դարձնենք սէրը եւ ոչ թէ ատելութիւնը, հասարակական ըլլայ եղբայրօգնութիւնը եւ ոչ թէ հակառակութիւնն ու անտարբերութիւնը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը բացատրելով թէ ''Նազարէթ կը նշանակէ ''Այն որ կը պահպանէ'' ինչպէս Մարիամ իր սրտին մէջ կը պահեր ամէն ինչ։
Ան ապա խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ ''այդ օրէն ի վեր ամէն ընտանիք որ այս խորհուրդը կը պահպանէ, նոյնիսկ երբ ապրի արուարձաններուն մէջ, Աստուծոյ Որդոյն խորհուրդը կը գործէ մեր մէջ եւ կու գայ աշխարհը փրկելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.