2014-12-17 09:59:51

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 2014-ի հրապարակային ունկնդրութիւնները թիւերով։


(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կատարեց 2014 տարւոյն վերջին հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ իր քահանայապետութեան շրջանի 73-րդ։ Յաջորդը տեղի պիտի ունենայ 7 յունուար 2015-ին։
2014 տարւոյն ընթացքին Քահանայապետը կատարեց 43 հրապարակային ունկնդրութիւններ։ Քահանայապետական Տան տուեալներու համաձայն այս ունկնդրութիւններուն ներկայ գտնուեցան 1.199,000 հազար ուխտաւորներ։ Ամենաբարձր թիւը արձանագրուեցաւ Ապրիլ ամսուայ ընթացքին 205 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ որուն կը յաջորդէ Մայիս ամիսը 195 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ մինչ երրորդ տեղը կը գրաւէ Հոկտեմբեր ամիսը 170 հազար ներկաներով եւ վերջին տեղը` օգոստոս ամիսը 25 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.