2014-12-16 10:03:46

Վստահութեան կոչը կարեւոր կը մնայ Յիսուսի աշակերտը ըլլալու


RealAudioMP3 Կեանքին մէջ, շատեր կը ձգտին որոշ կեդրոնի մը, հաստատութեան մը կամ առաքելութեան ղէկը կամ անդամ մը ըլլալու, եւ սակայն առանց վստահութեան ոչ կրնան հասնիլ իրենց նպատակին եւ ոչ ալ կրնան իրականացնել իրենց առաքելութիւնը:
Կը կարդաքն Սամուէլի Գիրքին մէջ « Ինքն իր վստահութեան մէջ գտնուողը զինք կ'ընէ հպարտ, բայց Աստուծոյ վստահութիւնը մեզի հերոս կը դարձնէ որուն վրայ կեանքը հիմնուած է նախ եւ առաջ վստահութեան վրայ որ մեզ կ'ընէ բարեկամներ եւ եղբայրասէր հերոսներ Աստուծոյ Սէրը եւ գեղեցկութիւնը բաժնելու մեր կեանքին էջերուն մէջ:
Վերի խօսքին մէջ, Յիսուս կը յիշեցնէ այն խուռներամ ժողովուրդին որ իրեն կը հետեւէր եւ կ'ընկերանար: Ան քաջ գիտէ իր մահուան գալուստը եւ ատոր համար կը շեշտէ վստահութեան վրայ. գիտէր նաեւ որ այդ բազմութեան շատերը եկած էին զինք տեսնելու որովհետեւ լսած էին իր մասին եւ մանաւանդ կատարած հրաշքներուն մասին, եւ քանիներ ներկայ պիտի գտնուին Գողգոթայի ճամբան բռնելու ժամանակ: Ես ինծի հարցնեմ թէ ինչո՞ւ կը հետեւիմ Քրիստոսը: Ի՞նչ է դիրքս երբ կարգ մը փորձանքներու մէջ գտնուիմ: Արդե՞օք կը շարունակեմ իմ առաքելական ճամբորդութիւնս Տիրոջ հետ...:
Յիսուս յստակ է իր հրամայականին մէջ երբ կ'ըսէր «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, պարտի իր հայրն ու մայրը ձգէ» առանց նախընտրելու իր անձը, այլ միմիայն Քրիստոսը եւ իր ուսուցումները, խաչը բռնելով եւ հետեւելով իրեն:
Արդե՞օք կ'արժէ զոհել ամէն ինչ որ ունինք եւ կը սիրենք կեանքին մէջ՝ ապրելու համար ապաշխարանքի եւ զղջումի մէջ, կ'արժէ արդե՞օք ըլլալու իսկական աշակերտը Քրիստոսի: Քրիստոս ինծի կոչ մը կ'ուղղէ վստահութեան եւ լքումի, ինծմէ կը պահանջէ որ իրեն տրամադրեմ իմ վստահութիւնս եւ ապսհովութիւնս, որովհետեւ միակն է որ կրնայ ինծի երջանիկ դարձնել: «Եկէք ինծի դուք ամէնքդ որ վաստակաբեկ էք եւ բեռնաւոր եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մատթ 11, 28-30):
Քրիստոսի աշակերտը երջանիկ է որովհետեւ գիտէ թէ ընկերացած է Քրիստոսի հետ, այն Քրիստոսը որ յաղթեց չարին եւ մեղքին՝ որ յարութիւն առաւ եւ ինծի կը խոստանայ իսկական երջանկութիւնը: Ինծի միշտ կը յիշեցնէ թէ իրեն հետեւելով եւ ինքզինքս իրեն զոհելով եւ զինք նախընտրելով պիտի դառնամ իսկական երջանիկ անձը:
Քրիստոտի Աւետարանը բոլորին կը հրաւիրէ վստահութեան եւ զոհողութեան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ դնելով մեր անձը: Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կ'ըսէր իր քահանայապետութեան առաջին օրը «Ձեր սրտին դռները բացէք, որովհետեւ Յիսուսը ձեր սրտէն ոչ մէկ բան կը հանէ այլ ամէն ինչ կը շնորհէ ձեզի»:
Խնդրելու ենք Աստուծմէ որ մեզ սորվեցնէ իրեն միշտ վստահելու, զինք սիրելու մանաւանդ դժնդակ վայրկեաններուն ընթացքին, երբ փորձանքները եւ փորձութիւնները մեր դէմ կը պայգարին. խնդրելու ենք մանաւանդ որ Աստուած մեզ օգնէ վստահելու իր սիրոյն եւ երջանկութեան որ բոլորս հանդարտ, հանգիստ եւ ուրախ կը դարձնէ:
Ունենանք այն վստահութիւնը թէ Աստուած պատրաստ է միշտ քովս մնալու պայմանաւ որ հանեմ իմ սրտէս այն կասկածները եւ անվստահութիւնը եւ մտավախութիւնները որոնք զիս տխրութեան կը տանին:
Տուր ինծի, ո՜վ Աստուած, իմաստը քու խաչիդ քեզի հետ մնալու եւ հետեւելու քու խօսքերուդ եւ պատուիրաններուդ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.