2014-12-16 09:26:33

Եւրոպական միութիւն. «Լրագրողներու ձերբակալութիւնը կրնայ ազդել Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան հոլովոյթին վրայ»


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհանես Հանի միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւնները «կը հակասեն եւրոպական արժէքներուն ու չափորոշիչներուն, որոնց կը փափաքի մաս դառնալ Թուրքիան»:
«Մենք կը յիշեցնենք, որ որեւէ երկիր իբրեւ թեկնածու ճանչնալու որեւէ հետագայ քայլ պայմանաւորուած է օրէնքի եւ հիմնարար իրաւունքներու լիակատար պահպանումով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի, որ խօսքի ազատութիւնն ու դատարաններու անկախութիւնը առողջ ժողովրդավարութեան հիմնական տարրերն են եւ ատիկա կ՛ապահովուի Թուրքիոյ սահմանադրութեամբ:
Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, որ արդար քննութիւն տեղի կ՛ունենայ:
Ձերբակալութիւններուն անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի:
«Իբրեւ Թուրքիոյ բարեկամ եւ դաշնակից, մենք իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու, որ իրենց գործողութիւնները չեն խախտեր ժողովրդավարութեան հիմքերը», աւելցուցած է Փսաքի:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու, մեկնաբանելով երկրին մէջ լրագրողներու եւ ոստիկանութեան սպաներու վերջին ձերբակալութիւնները, յայտարարած է, որ որոշ քայլեր ձեռնարկուած են` «պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծելու քայլերուն» դէմ:
«Այն անձերու գործողութիւնները, որոնք թափանցած են կառավարութիւն ու գաղտնալսած են նախագահին եւ վարչապետին անձնական զրոյցները, անպատասխան պիտի չմնան: Մեր պարտքն է պաշտպանել այն, ինչ որ մեզի տրուած է ժողովուրդին կամքով», ըսած է Տաւութօղլու:
«Տողան» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալան` մեկնաբանելով ձերբակալութիւններու հարցը, նշած է, որ այդ ձեւով երկրին մէջ պետական յեղաշրջման փորձ մը կանխարգիլուած է:
Ըստ անոր, կասկածեալները յեղաշրջումի ծրագիրը մշակած են 2002-էն ի վեր, իսկ ծրագիրը գաղտնազերծուած է միայն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ճիշդ կողմնորոշման իբրեւ արդիւնք:







All the contents on this site are copyrighted ©.