ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2014ին Հայաստանի մէջ շուրջ 9 տոկոսով շատ ցորեն աճեցուած է։ 18 Նոյեմբերին
լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է գիւղատնտեսութեան փոխնախարար
Սամուէլ Գալստեան: Ըստ անոր՝ եթէ 2013ին 311 հազար թոն աճեցուած էր, այս տարի՝ շուրջ
340 հազար. միջին 31,5 ցենտներ (հարիւր քիլոկրամ)/հեկտար բերքաբերութեան պայմաններու
մէջ: Ընդհանուր առմամբ, հատեղէններու եւ ոլոռեղէնի բերքը 2013ին եղած էր 548 հազար թոն,
իսկ 2014ին՝ արդէն 590-91 հազար թոն՝ 31.3 ցենտներ/հեկտար միջին բերքաբերութեան պայմաններու
մէջ: Աւելցած է նաեւ հատեղէնի աշնանացանը. եթէ 2013ին անիկա կը կազմէր 106.4 հազար հեկտար,
ապա 2014ին՝ 110.6 հազար հեկտար: