2014-12-15 10:22:05

Իպոլայի պատճառով Սիերա Լէոնէի մէջ այս տարի պիտի չնշեն Ամանորեան տօները


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սիերա Լէոնէի մէջ այս տարի Ս. Ծնունդը պիտի չնշեն` Իպոլայի համաճարակին պատճառով:
Համապատասխան որոշումը տուած են երկրին իշխանութիւնները:
Զինուորականներուն ալ յանձնարարուած է հետեւիլ այդ արգելքի իրականացման: Անոնք պիտի հսկեն քաղաքներու փողոցներուն եւ տուն պիտի ուղարկեն բոլոր անոնք, որոնք պիտի որոշեն փողոց դուրս գալ:
«Մենք կ՛երաշխաւորենք, որ բոլոր քաղաքացիները պիտի գտնուին իրենց տուներուն մէջ, որպէսզի չարտօնենք ժահրին տարածումը», նշած է Իպոլայի դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի ղեկավար Փալօ Քոնթէ:
Արգելքի գործողութեան ժամկէտը չի նշուի








All the contents on this site are copyrighted ©.