2014-12-15 09:09:28

Թուրքիոյ մէջ լրագրողներ ձերբակալուած են։


Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է աւելի քան 20 լրագրող, լրատումիջոցներու աշխատակիցներ` հեռուստաընկերութեան եւ թերթի շէնքերուն մէջ խուզարկութիւններէ ետք: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը՝ վկայակոչելով BBC-ին:
Ըստ աղբիւրին, այդ լրատուամիջոցները կապ ունին ԱՄՆ-ի մէջ բնակուող ընդդիմադիր քարոզիչ Ֆեթուլահ Կիւլէնի հետ: Խուզարկութիւններ կատարուած են Ստամպուլի եւ 12 այլ քաղաքու մէջ: Ձերբակալուածներուն մէջ են Samanyolu մետիախումբի ղեկավարը եւ Zaman թերթի խմբագիրը: Զանոնք ձերբակալած են անօրինական կազմակերպութիւն ստեղեծելու եւ երկրին մէջ իշխանութիւնը զաւթելու կասկածանքով:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւ Կիւլեն քաղաքական հակառակորդներ են եւ, վերլուծաբաններու կարծիքով, խուզարկութիւններուն միջոցով իշխանութիւնները կ՛ուզեն լռեցնել կիւլենականները:
Լրագրողներու ձերբակալութիւնները “կը հակասեն եւրոպական արժէքներուն եւ չափորոշիչներուն, որոնց մաս կը ցանկանայ դառնալ Թուրքիան”,- ըստ Tert.am-ի՝ ըսուած է ԵՄ արտաքին հարցերով յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի ու եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով եւրայանձնակատար Եոհաննէս Հանի համատեղ յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ խօսքի ազատութիւնը ու դատարաններու անկախութիւնը առողջ ժողովրդավարութեան հիմնական տարրերն են եւ ատիկա կ՛ապահովուի Թուրքիոյ սահմանադրութեամբ:
ԵՄ ներկայացուցիչները արդար քննութեան յոյս կը յայտնեն:
Տեղի ունեցած ձերբակալութիւններուն անդրադարձած է նաեւ ԱՄՆ ԱԳ նախարարութեան ներկայացուցիչ Ճեն Փսաքին:
“Որպէս Թուրքիոյ բարեկամ եւ դաշնակից` մենք իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընենք երաշխաւորել, որ իրենց գործողութիւնները չեն խախտեր ժողովրդավարութեան հիմքերը”,- աւելցուցած է Փսաքին:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու, մեկնաբանելով լրագրողներու եւ ոստիկանութեան սպաներու վերջին ձերբակալութիւնները, յայտարարած է, թէ որոշ քայլեր ձեռնարկուած են` “պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծելու” դէմ:
“Այն անձերու գործողութիւնները, որոնք թափանցած են կառավարութիւն ու գաղտնալսած են նախագահին ու վարչապետին մասնաւոր զրոյցները, անպատասխան պիտի չմնան: Մեր պարտքն է պաշտպանել այն, ինչ մեզի տրուած է ժողովուրդին կամքով”, – ըսած է Տաւութօղլու:








All the contents on this site are copyrighted ©.