2014-12-13 10:52:42

Ե. Կիրակի Յիսնակաց Ղուկ. 17, 1-10


RealAudioMP3 Այսօրուայ Սուրբ Աւետարանը, զոր լսեցինք, կոչ մըն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար ապրելու իր քրիստոնէական իսկական արժէգները: Նախ մեզ կը զգուշացնէ գայթակղութենէն, եւ մեզ կը հրաւիրէ մաքուր կեանք ապրելու, ոչ միայն Տէր դառնալով մեր խօսքերուն, այլ նաեւ գործերուն, որովհետեւ շատ անգամ մեր գործերը չեն համապատասխաներ մեր խօսքերուն: Կը քարոզենք սէր, իսկ մեր գործերը ատելութիւն ցոյց կու տան: Կը քարոզենք աղքատութիւն, մինչդեր մեր ամբողջ կեանքը փնտռտուք կը դառնայ հարստութեան եւ դրամ դիզելու: Հետեւաբար զգոյշ ըլլալու ենք որ մեր գործերը ինչպէս նաեւ մեր խօսքերը գայթակղութեան առիթ չտան մարդոց: Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան, կ’ըսէ Յիսուս բայց «Վա՛յ անոր որուն ձեռքով կու գան»:
Գայթակղութեան պատճառը յաճախ մենք ենք: Մեր աչքն է. մեր ձեռքն է: երկտեսակ կեանքն է (doppia vita): Արդարեւ, ամենավտանգաւոր մարդիկը անոնք են, որոնք իրենց կեանքին մէջ հակադիր տեսարան մը կը պարզեն, դուրսէն ու ներսէն:
Երկրորդ արժէգը, զոր պարտի ունենալ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ներողամտութիւնն է: Եթէ եղբայրս մեղանչէ իմ դէմս, պէտք է անոր յանդիմանեմ, սակայն միշտ պարտիմ ներել: Ներել կը նշանակէ սիրել: Դիմացինիս մէջ մարդը տեսնեմ: Ներումը նուաստացում չէ այլ` վեհանձնութիւն: Քրիստոնեան թշնամի չի կրնար ունենալ: Քրիստոս աշխարհ գալով միայն սիրել սորվեցուց մեզի, ներողամտութիւն սորվեցուց. «Ով որ աջ երեսիդ զարնէ դարձուր նաեւ մոյսը» կ՛ըսէր Ան: Ուրիշ տեղ մըն ալ ըսած է. «երբ երթաս ընծադ նուիրելու եւ յիշես որ եղբայրդ քեզի հանդէպ բան մը ունի, ընծադ ձգէ, նախ գնայ հաշտուէ հետը, ետքը եկուր ընծադ նուիրելու»:
Դիւրիւն չէ ներել, եւ այս պատճառով է որ առաքեալները Յիսուսին ըսին. «աւելցուր մեր հաւատքը»: Պէտք է պատրաստակամ ըլլալ միշտ ներելու, որքան ալ որ վիրաւորուած ըլլանք, որքան որ վնաս կրած ըլլանք: Շատ անգամ ներելով կը զգանք թէ մեր արժէգէն վար իջանք: Բնաւ սիրելիներ. ներումը նուաստացում չէ այլ` վեհանձնութիւն:
Պէտք է միշտ ի միտ ունենալ այն գաղափարը, որ եթէ մենք չներենք իրարու մեղքերը, Քրիստոս եւս չի ներեր մեր գործած մեղքերը, ասոր համար Հայր մեր-ի մէջ կ’ըսենք ներէ մեզի մեր մեղքերը ինչպէս որ մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն մեղքերը:
Սիրելիներ, Ծնունդը մեր դռան առջեւն է: Յիսուս պիտի իջնէ իր թագաւորական գահէն, եւ պիտի գայ բնակելու մեր սրտերուն մէջ: Ուստի մեր սրտերը մաքրենք ամէն տեսակ աղտէ, նենգութենէ, նախանձէ, գէնէ, չարութենէ, որպէսզի կարենանք Յիսուսը մաքուր սրտով դիմաւորել: Իրարու խոստովանինք մեր մեղքերը, եւ իրարու համար աղօթենք. մանաւանդ մեր թշնամիներուն համար: Որպէսզի Յիսուս երբ աշխարհ գայ, մեր տաքուկ սրտերը տեսնելով ծնի մեր մէջ` սէր եւ խաղաղութիւն, ուրախացնէ մեզ եւ մենք իրեն հետ եւ իրմով ուրախանանք: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.