2014-12-12 08:56:32

Մի՛ շնար


RealAudioMP3 Շատ սերտ է կապը` որ իրարու կը միացնէ երկու ամուսինները: Անոնց համար ամենէն հաճելի բանն է` զգալ թէ զիրար կը սիրեն գորովալիր եւ անկեղծ սիրով: Ընդհակառակն, ամենէն տհաճելի բանն է գիտնալը` թէ կողակիցը անամօթաբար ուրիշը կը սիրէ: Ուստի, Աստուած, որ մարդոց կեանքը կը պաշտպանէ սպանութիւնը արգիլելով, ամուսնութեան սուրբ եւ պատուական միութիւնը եւ սիրով վառարանը կը պաշտպանէ` արգիլելով շնութիւնը:
«Մի՛ շնար» պատուիրանը շատ ընդարձակ է: Ան կարելի է բաժնել երկու մասի. առաջինը` կ՛արգիլէ շնութիւնը, իսկ երկրորդը` կը պահանջէ, լռելեայն կերպով, հոգւոյ եւ մարմնոյ ողջախոհութիւնը:
Շնութիւնը` այն մեղքն է, որով մէկը կը պակսի այն անդառնալի ուխտին, զոր կատարեց հաւատարիմ մնալու իր ամուսնոյն: Շատ ծանր մեղք է: ազատ անձն ալ, որ ամուսնացածի մը հետ կը մեղանչէ, ծանրօրէն կը մեղանչէ Աստուծոյ առջեւ:
Ըստ, Ս. Ամբրոսիոսի եւ Ս. Օգոստինոսի, այս պատուիրանը կ՛արգիլէ ոչ միայն շնութիւնը, այլ նաեւ` ամէն ինչ որ անպարկեշտ է եւ անմաքուր:
Ս. Գիրքն ալ, իր երկու կտակարաններով նոյնը կ՛ըսէ: Դաւիթի կեանքին օրինակով, շնութիւնը թագաւորութիւններ կը քանդէ (Բ. Թգ 11—12): Շնութիւնը շատ դառն բան մըն է, որմէ պէտք է զգուշանանք:
Մովսէս կը պատժէ ո՛չ միայն շնութիւնը, այլ նաեւ միւս տեսակ անբարոյութիւները: Ծննդոց Գիրքը կը յիշատակէ Յուդայի ոճիրը` իր նուին դէմ: Երկրորդումն Օրինացը զօրաւոր կերպով կ՛արգիլէ ԻսրայէԼացի աղջիկներուն` որ անբարոյութիւն գործեն: Իսկ Տովբիթ իր զաւկին կ՛ըսէ. «Զաւակս, զգուշացիր ամէն անբարոյական արարքէ»:
Ս. Աւետարանին մէջ Յիսուս կը խօսի շնութեան մասին, արթնութիւն բերելու եւ Քրիստոնեային կենցաղը Աստուծոյ սկզբունքներուն վրայ հիմնելնու: Շնութիւնը` Յիսուսի համար.
- Կ՛ակնարկէ ամուսնացածներուն, որոնք բացի իրենց կողակիցէն յարաբերութիւն կ'ունենան նաեւ ուրիշի մը հետ:
- Կ՛ակնարկէ նաեւ անոնց որոնք իրենց կիներուն միջոցաւ կ'առաջնորդուին կռապաշտութեան:
- Կը նշանակէ նաեւ ուտել բան մը, որ նուիրուած է կուռքերուն, այսինքն՝ ուտել «դեւերուն կերակուրը»:
Յիսուս կ'ըսէ, թէ ցանկութեամբ նայողը արդէն իսկ կը շնայ: Յիսուս այսպիսով ցոյց կու տայ, թէ շնութիւնը արտաքին բան մը ըլլալէն անդին է եւ կը սկսի սիրտին մէջ եւ սիրտին ներքին մղումէն:
Յիսուս նաեւ կը զգուշացնէ գայթակղութեան հոգիէն: Գայթակղութիւն, Յունարէնով «սքանտալ», կը նշանակէ, այլ իմաստով` մերժել ճանչնալ իշխանութիւնը կամ անոր համաձայն չըլլալ: Չվստահիլ մէկու մը, որուն կը վստահէինք կամ անկէ հեռանալ: իսկ երրորդ` Ճամբու վրայ գտնուող արգելք, որուն վրայէն երբ քալենք՝ կ'իյնանք:
Թշնամին գայթակղութեան հոգիին միջոցաւ կ'աշխատի, որպէսզի Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժենք, Անոր չվստահինք ու Իրմէ հեռանանք: Յիսուս կը պատուիրէ մեզմէ անջատել մեզ գայթակղեցնող անդամէն:
Այս ուսուցումով, Յիսուս շեշտ կը դնէ մեր մարմինը Տիրոջ նուիրուած ու մաքուր պահելուն վրայ: Ան կ'ուզէր Քրիստոնեային նուիրումը հարազատ եւ ազդու դարձնել, որովհետեւ միայն ա՛յն ատեն է որ որեւէ բան չի կրնար մեզ զրկել Աստուծոյ երեսը տեսնելէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.