2014-12-12 09:58:59

Դոկտ. Նորա Արիսեան լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը՝ Դամասկոսի համալսարանին մէջ։


7-11 Դեկտեմբեր Դամասկոսի համալսարանին մէջ կայացած Հայկական մշակութային օրերուն նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ շարք մը դասախօսութիւններ, որոնցմէ վերջինը ներկայացուեցաւ այսօր՝ Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբերին՝ «Հայ գրականութիւնն ու արաբերէն թարգմանութեան շարժումը» խորագիրով: Դասախօսութիւնը ներկայացուց Դամասկոսի համալսարանի «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի հայերէն լեզուի բաժինի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Perio News-ը:
Դոկտ. Նորա Արիսեան անդրադառնալով հայ-արաբական եւ հայ-սուրիական դարաւոր կապերուն, ուր լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակումը:
Յիշենք, որ հայկական մշակութային շաբաթը կ՛ընդգրկէ հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի մասին դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ հայկական հոգեւոր եւ մշակութային նմուշներու ցուցահանդէս:
Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր հայերէն լեզուի եւ գրականութեան արաբերէն լեզուով գիրքեր, Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի հրատարակութիւններ, հայկական տարազներ, Հայաստանի մասին լուսանկարներ, մատենադարանին մէջ ցուցադրուած հայկական մանրանկարչութեան նմուշներ եւ արաբերէն լեզուով ձեռագիրներու նմուշներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.