2014-12-11 09:21:43

Տը Միսթուրա Հալէպի մէջ կռիւներու սառեցման հարցով յուսալից է


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի բանբեր Ժիւլիեթ Թումա թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ տը Միսթուրա Թուրքիոյ մէջ սուրիական քաղաքական եւ զինուորական ընդդիմութեան խմբաւորումներու հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք Հալէպի մէջ կռիւներու սառեցման հարցով յուսալից է:
«Հանդիպումներ ունեցանք Հալէպի մէջ գետնի վրայ գործունէութիւն ունեցող թէ՛ զինեալ եւ թէ՛ քաղաքական խմբաւորումներու մեծամասնութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումները շինիչ էին: Մենք շատ յուսալից ենք եւ մեծ աշխատանք կը տանինք յատուկ պատուիրակին ճամբով սառեցումը յաջողցնելու համար», ըսած է Թումա:
«Զինադադարի մը մասին չենք խօսիր: Մենք զայն կը կոչենք «սառեցում» մը: Ասիկա ՄԱԿ-ի կողմէ Սուրիոյ մէջ տագնապին առնչակից կողմերուն ներկայացուած առաջարկ մըն է: Մենք խորհրդակցութիւններ ու հանդիպումներ կ՛ունենանք, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ կու տանք առնչակից տարբեր կողմերու հետ քննարկելու համար Հալէպի մէջ գործողութիւնները սառեցնելու ձեւերը, ինչ որ վերջ պիտի տայ թշնամական արարքներուն», ըսած է ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.