2014-12-08 10:35:17

Իսրայէլեան օդուժը Դամասկոսի օդակայանին մօտ գտնուող երկու պահեստանոց եւ Տիմասի մէջ երկու շրջան հարուածեց


Իսրայէլեան օդուժը, երէկ Կիրակի, 7 դեկտեմբերին, Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ գտնուող երկու պահեստանոցներ եւ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող Տիմասի մէջ երկու շրջան հարուածեց: Ըստ տեղեկութեանց, իսրայէլեան ռմբաձիգները ընդհանուր առմամբ 10 յարձակումներ գործեցին: Իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերը նաեւ թռիչքներ կատարեցին Տարաայի եւ Քնէյթրայի վերեւ:
Սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, որ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Ըստ «Լուպնան 24» կայքին եւ լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, իսրայէլեան յարձակումները թիրախ դարձուցին զէնքեր, որոնք Լիբանան կ՛ուղղուէին: Նշենք, որ իսրայէլեան օդանաւերը երէկ առաւօտէն ի վեր հարաւային Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանին վերեւ թռիչքներ կը կատարէին:
Սուրիական բանակի սպայակոյտը իսրայէլեան յարձակումները նկատեց Սուրիոյ գերիշխանութեան բացայայտ բռնաբարում, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներուն աջակցութիւն: Սպայակոյտը նշեց, որ այսպիսի յարձակումները ահաբեկչութեան դիմակայումի շարունակումը պիտի չարգելակեն:
Իսրայէլեան իշխանութիւնները մերժեցին մեկնաբանել լուրը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը օդային հարուածներուն լուրը հաղորդեց` վկայակոչելով արտասահմանեան լրատուամիջոցներ, իսկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ մերժած են մեկնաբանել լուրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.