2014-12-05 09:22:18

Սէրն ու համերաշխութիւնը ընտանիքին մէջ


RealAudioMP3 Ընտանիքը ընկերային եւ կեանքի այն հաստատութիւնն է, որ ամենամեծ ու ամէնէն կարեւոր դեր խաղացողն է մարդու դաստիարակութեան եւ անհատի կազմաւորման առաքելութեան մէջ: Ամուսնանալ կը նշանակէ իր վրայ վերցնել մեծ պարտականութիւն:
Շատեր հարց կու տան ինչո՞ւ սէրդ կ՛անցնի ամուսնութեան տարիներուն ընթացքին: Արդեօք իսկական սէրը կ՛անցնի՞:
Այս հարցը ընտանեկան յարաբերութիւններուն մէջ, թերեւս, ամենակարեւոր եւ յաճախակի տրուող հարցերէն մէկն է: Այս հարցադրումին բացատրութիւնը հետեւեալն է. շատ զույգեր կ՛ամուսնանան առանց մտահոգուելու այն մասին, թէ ինչ է ընտանեկան յարաբերութիւնը, համատեղ առօրեան եւ ամենօրեայ պարտականութիւնները: Շատ անգամ անոնք կ՛ամուսնանան ռոմանդիկ եւ մտերմական յարաբերութիւններու խաբկանքի ազդեցութեան ներքեւ: Իրականութեան մէջ, ի սկզբանէ սէր չկար, կար սիրահարուածութիւն, հիացմունք, կիրք, ցանկութիւն, բայց` ոչ իսկական սէր:
Իսկական սէրը չ՛անցնիր. ամուսնութեան մէջ սէրը պարզապէս փոքր ձեւով կը ձեւափոխուի: Իսկական սէրը կը ծնի ոչ թէ ռոմանդիկ հանդիպումներու, այլ համատեղ կեանքի եւ միմեանց թերութիւններու բացայայտման ժամանակ: Սէրը դիմացինի թերութիւնները հանդուրժելու եւ առավելութիւնները սիրելու ու գնահատելու ունակութիւնն է:
Սիրող մարդն իր ընտրեալին կ՛ընդունի այնպէս ինչպէս որ է, չփորձելով փոխել զինք եւ չսահմանափակելով անոր անձնական ազատութիւնները:
Սէրն կ՛անցնի որովհետեւ մարդիկ չեն դիմանար վիճաբանութեան: Անոնք ամէն տեսակ կերպով կը փորձեն դիմացինին փոխելու եւ հարմարացնել իրենց կեանքին, չափին, մտքին: Իսկ երբ այս քաղաքականութիւնը, ձեւը չի յաջողիր, անոնք կը յուսահատին եւ արդեն ամուսնալուծումի կը վազեն:
Որպէսզի սէրը գոյատեւէ եւ յարատեւէ մարդիկ առաջին հերթին պէտք է աշխատին իրենք իրենց վրայ: Պէտք է յստակ հասկանալ, թէ այդ յարաբերութիւններէն ինչ կ՛ակնկալեն եւ ամէն մէկը ջանայ ինքնիրեն փոխվել դէպի լաւը, դէպի նկարագիր տէրը:
Իսկական սէրը կը ծնի յարգանքի, փոխադարձ ջերմութեան եւ համբերութեան արդիւնքով, ինչպէս նաեւ կողակցի հետ երջանիկ ըլլալու ցանկութիւններէն: Իսկական սէրը կը ծնի եւ կը մշակուի տարիներու ընթացքին:
Երջանիկ ամուսնութեան մը համար եսասիրութիւնը սարսափելի պատուար մըն է: Յոյժ կարեւոր է որ ամէն մէկ անհատ իր կողակիցը ընտրելու համար լաւ հետազօտէ զինք՛ թէ որքան ուշադրութիւն ցոյց կու տայ հանդէպ ուրիշներուն, եւ իր անձին վրայ ինչպիսի հակակշիռ մը կը կատարէ: Իր տան մէջ մտադիր ուշադրութիւն մը ցոյց կու տա՞յ իր ծնողներուն հանդէպ, եղբայրներուն, քոյրերուն: Կ՛ընդունի՞ իր սխալած ըլլալը եւ կը ջանա՞յ դարմանել: Ուրիշներու գործած սխալներուն նկատմամբ ցոյց կու տա՞յ ներողամտութիւն եւ ընծայել օժանդակութիւն: Ցոյց կու տա՞յ ծանօթ ըլլալ իր բնաւորութեան, ու գիտէ՞ որ նախանձը եւ նման բաներ հարկաւոր է հակակշռի տակ պահել:
Ահաւասիկ ուրեմն այս հարցադրումները որոնք կրնան իսկական սիրոյ դարմանը ըլլալ: Սիրել կը նշանակէ յարգել: Սիրել կը նշանակէ ներել: Սիրել կը նշանակէ զոհուիլ: Ուստի, եթէ փափաք մը ունինք յայտնելու ծնողներուն եւ ընտանիքներուն, ուրիշ մաղթանք չունինք, եթէ ոչ որ ընտանիքներուն մէջ իշխեն սէրն ու համերաշխութիւնը, բարեկեցութիւնն ու լաւատեսութիւնը: Աստուած յաւերժ պահէ մեր բոլորին ընտանիքները:







All the contents on this site are copyrighted ©.