2014-12-04 08:56:08

Նալպանտեան հանդիպեցաւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ


Աշխատանքային այցելութեամբ Պազել գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան երէկ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի, Փիեռ Անտրիոյի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփչիկի հետ:
ԱԳ նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ` Նալպանտեան միջնորդներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ ամենաբարձր մակարդակով սաստկացած ռազմատենչ հռետորաբանութեան, բանակցութիւններու էութիւնն ու բովանդակութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւններուն, մարդկային զոհերու պատճառ դարձած` Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին հրադադարի կոպտագոյն խախտումներուն, ուսումնավարժական թռիչք իրականացնող` Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռի խոցման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի վրայ:
Հանդիպումին շարունակուած են քննարկումները` ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առաջ մղման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ:
Էդուարդ Նալպանտեան վերահաստատած է, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ եռանախագահներու հետ համատեղ ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:








All the contents on this site are copyrighted ©.