2014-11-29 09:36:06

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի թուրքիա առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը։


(Ռ.Վ. 29 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ, 29 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 8,30-ին (տեղական ժամով), Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հրաժեշտ առնելով Թուրքիոյ առաքելական Նուիրակութեան պալատէն ուր գիշերած էր, ուղղուեցաւ Անգարայի միջազգային օդակայան` ուրտեղէն մեկնեցաւ դէպի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Իսթանպուլ։
Մէկ ժամ տեւող թռիչքէ ետքը, ժամը 10,30ին (Հռոմի ժամով 9.30-ին) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի օդանաւը վայրէջք կատարեց Իսթանպուլի ''Աթաթուրք'' միջազգային օդակայան ուր զինք դիմաւորեցին Բարթողոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը եւ Իսթանպուլի կառավարիչը։
Պաշտօնական ընդունելութենէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Սուլթան Ահմէտի` Կապոտ մզկիթը ուր դիմաւորուեցաւ թուրքիոյ Հոգեւոր գերագոյն Միւֆթիի եւ Իմամի մը կողմէ։ Մզկիթին տուած հակիրճ այցելութենէ ետք,ժամը 11։45-ին` Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Սրբուհի Սոֆիայի թանգարան (երբեմնի տաճար)։ Որմէ ետք փոխադրուեցաւ Իսթանպուլի Քահանայապետական ներկայացուցչական կեդրոն ուր զինք կը սպասէին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հասարակութիւններու` Լատին, Հայ, Ասորի եւ Քաղդէացի եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներն ու հաւատացեալներու պատուիրակութիւն մը։ Թուրքիոյ եպիսկոպոսսաց համահաւաք դասին նախագահ` գերապայծառ Ռուճերօ Ֆրանչէսքինիի արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշը։
Տեղական ժամով 15.30-ին Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Սուրբ Հոգիի նուիրուած տաճար` որ 1846-էն իր վեր կը գործէ եւ ուր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը մատուցէ միջ-ծիսական Սուրբ Պատարագը մասնակցութեամբ Թուրքիոյ կաթողիկէ բոլոր համայնքներու հաւատացեալներուն եւ ներկայութեամբ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա-ի, Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Գ Եունանի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ գերշ. Արք. Արամ Աթէշեանի, Ասորի Օրթոտոքս Մետրոպոլիտ` Ֆիլուքսինոս Եուսսուֆ Չէդինի եւ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուիրակութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.