2014-11-29 08:54:13

Հայր Քորների գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայութիւնը Թուրքիա, երկրին համար քաջալերանք մըն է։


(Ռ.Վ. 29 նոյեմբեր 2014) Յիսուսեան հայր Քորներ` աստուածաբանութեան դասախօս է Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանի մէջ եւ մասնագէտ իսլամաբանութեան ու աստուածաբանութեան միջկրօնական երկխօսութեան։ Ան երկար տարիներ Թուրքիա ապրեցաւ։ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց` ''Թուրքերու համար Քահանայապետի մը այցելութիւնը քրիստոնեայի մը այցելութիւնը չէ, այլ այցելութիւնն է հաւատքի մարդուն։ Կը ճանչնամ շատ մը թուրքեր որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անձին մէջ կը տեսնեն անձ մը որ կը ներկայացնէ իսլամի մը եւ թուրքի մը բաղձանքը։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մարդ մըն է բարի կամքով լեցուն եւ կը ցոլացնէ Աստուծոյ ճշմարիտ դիմագիծը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ամենէն առաջ նկատուած է որպէս կարեւոր անձնաւորութիւն մը, Աստուծոյ ճշմարիտ վկան։ Թուրքին համար մեծ պատիւ մըն է նման մարդ մը ունենալ իրենց հողին վրայ եւ իրմէ կը սպասեն պատասխանը ի՞նչպէս ապրելու իրենց հաւատքը։
Քահանայապետին համար հաւատքը գաղափարախօսութիւն մը չէ որ պէտք է իրականանայ աստուածաբանութեան մը մէջ, հաւատքը պէտք է ըլլայ ներշնչարանը այսօրուայ ընկերութեան։ Հետեւաբար Քահանայապետին ներկայութիւնը Թուրքիոյ մէջ ուրախութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ ան նկատուած է որպէս հաւատքի մարդը, որ կ’ապրի իր հաւատքը հաւատալի օրէն։
Հայր Քորներ խօսելով Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մասին կը յայտնէ, որ ինք անձամբ երկար տարիներ ապրած է թրքախօս քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հետ։ Անոնք կը կազմեն փոքր արի հօտ մը, ընկերութեան աղը։ Անոնք կրօնափոխութիւն չեն կատարեր, այլ վկայութիւն կու տան իրենց հաւատքին գեղեցկութեան։ Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը անոնց համար քաջալերանք մըն է։ Այդ փոքր հօտը առօրեայ կեանքին մէջ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ` օրինական ու ընկերային գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.