2014-11-28 09:21:16

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Թուրքիա առաքելական ճամբորդութիւնը եւ միջազգային մամուլը։


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Իտալական Փանորամա շաբաթաթերթը կը վերնագրէ ''Քահանայապետին Թուրքիա այցելութիւնը հիմնական է իսլամ աշխարհին հետ կապի մէջ մտնելու համար''։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը, մամուլին գնահատումով, ընդօրինակութիւնն է Յովհաննէս Պօղոս Բ. (1979) Եւ Պենետիկտոս ԺԶ. (2006) Քահանայապետերու Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւններու յայտագրին։ Սակայն այս ճամբորդութիւնը տեղի կ’ունենայ տարբեր պայմաններու մէջ, Թուրքիոյ քրիստոնեաներու կեանքը հերթաբար կը բարւոքուի` նոյնպէս եւ Թուրքիա ապաստան գտած Իրաքցի եւ սուրիացի քրիստոնեաներու կեանքը, որոնք կարողացած են փախչիլ իսլամ պետութեան հալածանքէն ու ժանգերէն։
Թուրքիոյ Աւագ մուֆթիին Մեհմեթ Կէօրմեզ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած խօսակցութեան ընթացքին Սրբազան Հօր նեցուկը պիտի խնդրէ վերջ դնելու իսլամ ատելութեան ծաւալող ալիքին։
Նախագահ Էրտողան Հապեր Թուրք օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով ընդգծեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ազդեցի ու վճռական դերը բարւոքելու կապերը Արեւմուտքի ու իսլամութեան միջեւ։
Կարդինալ Քոխ` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին ''Քաթոլիք Նիւզ Աժենսիին'' հետ ունեցած ելոյթով հրաւիրեց չափաւորական մահմետականները վերապահ դիրք մը ունենալ ծայրայեղներուն հետ։
''Հիւրիէթ'' օրաթերթը իր կարգին կը հրաւիրէ թուրք կառավարութիւնը շահագործելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Թուքիա այցելութիւնը, հրապարակաւ ու անվերապահօրէն դատապարտելու իսլամական պետութիւնը։ Հուսկ ''Ռէօյդերզ'' մամլոյ գործակալութիւնը կը մատնանշէ որ Անգարան տասնեակ հարիւրաւոր իրաքցի եւ սուրիացի քրիստոնեաներ ընդունեց իր հողին վրայ, սակայն Քահանայապետը կարելիութիւն պիտի չունենայ անոնց հետ հանդիպելու։
Թուրքիոյ կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներու խորհուրդին փոխ նախագահը` ֆապիօ Ալպերթօ Ամպրոզիօ խօսելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետ Թուրքիա այցելութեան մասին ըսաւ ''քահանայապետական ամէն մէկ ճամբորդութիւնը մեծ յուզում կը յարուցանէ, սակայն Քահանայապետը Թուրքիա կու գայ ամրապնդելու միութիւնը յոյն օրթոտոքսներու հետ եւ նոր խթան մը տալու համամիութեան շարժումին եւ իսլամութեան հետ երկխօսութեան։ Նոյնպէս կարելի է ակնկալել մէկ յանդիմանութիւն մը թուրքերու հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումին գծով։








All the contents on this site are copyrighted ©.