2014-11-28 12:21:21

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պաշտօնական ընդունելութիւն ապա այցելութիւնը թուրքիոյ նախագահին։


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին, Թուրքիոյ տեղական ժամով` 13։00ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը, ժամանցեցին Անգարայի միջազգային ''Էսէմպոկա'' օդակայանը։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Թուրքիոյ հանրապետութեան մօտ Առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Անթոնիօ Լուչիպէլլօ եւ Թուրքիոյ ''Փրոթոքոլային''
հարցերու պատասխանատուն՝ քաղաքական եւ եկեղեցական զանազան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ ։
Հուսկ՝ Թուրքիոյ ''Փրոթոքոլի''
համաձայն Քահանայապետն ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեցին ''Աթաթուրքին'' դամբարանը ու ապա ուղղուեցան Թուրքիոյ նախագահական ''Աք Սարայ - Ճերմակ'' պալատը ուր տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։
Նախագահական Պալատ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ու տեղի ունեցաւ զինուորական արարողակարգը որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը ''Ողջոյն զինուորներ'' խօսքը արտասանեց ու ապա տեղի ունեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայացումը ու Ֆրանչիսկոս Պապի եւ նախագահին միջեւ առանձնական հանդիպում որուն յաջորդեց Երկիրն պետական իշխանութիւններուն հետ պաշտօնական հանդիպում որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ճառ մը ուղղեց ներկաներուն։
Վերոյիշեալ հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը տեսակցեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէթ Տավութողլուի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.