2014-11-28 11:40:09

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագիրերը դէպի Թուրքիա թռիչքի ընթացքին


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Դէպի Թուրքիա ուղեւորութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, ըստ աւանդութեան Իտալիոյ , Ալպանիոյ եւ Յունաստանի օդային տարածքէն անցնելու ժամանակ, հեռագիրեր յղեց սոյն երկիրներու նախագահներուն
Իտալիոյ հանրապետութեան Նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի յղած Հեռագիրին մէջ նորին Սրբութիւնը գրեց` ''Մինչ կը մեկնիմ Թուրքիա՝ նպաստելու համար զանազան մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան ու հանդիպումին, ամրապնդելու քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութիւնը եւ բաժնեկցելու հաւատքի մէջ քոյրերու եւ եղբայրներու հետ աղօթքի պահեր, ինծի համար ուրախութիւն է ողջունել ձեզ եւ Իտալացի ազգը ինչպէս նաեւ յայտնել մաղթանքներս սիրեցեալ Իտալիոյ հոգեւոր, քաղաքացիական եւ ընկերային բարգաւաճումին ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.