2014-11-28 16:55:48

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցելութիւնը Թուրքիոյ '' Տիյանէթին - Կրօնային գործակալութեան''։


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ, 28 նոյեմբերին յետմիջօրէի ժամը 4։45-ին (Թուրքիոյ ժամով), Թուրքիա կատարած առաքեալական այցե լութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիկսոս Պապը այցելեց Թուրքիոյ Կրօնային հացերու բաժանմունքի գործակալութիւնը ուր հանդիպում ունեցաւ բաժանմունքի նախագահ Թուրքիոյ հոգեւոր առաջնորդ Մեհմեթ Կէօրմեզին հետ։
Երկու հոգեւոր պետերու միջեւ կայացած առանձնական հակիրճ հանդիպումէն ետք, կեդրոնատեղիին գլխաւոր դահլիճին մէջ, Թուրքիոյ հոգեւոր եւ քաղաքացիական ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ Թուրքիոյ հոգեւոր առաջնորդ` Մեհմեթ Կէօրմեզը ողջոյնի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին որ ապա իր կարգին արտասանեց ճառ մը որուն մէջ գոհունակութիւն յայտնեց պատեհ առիթին համար հանդիպելու Թուրքիոյ քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներուն, նշելով իր նախորդներուն այցելութիւնները Թուրքիայ եւ ընդգծելով երկխօսութեան ու հանդիպումի կարեւորութիւնը։
Կրօնական ղեկավարներու միջեւ բարի յարաբերութիւններն ու երկխօսութիւնը մեծապէս կարեւոր են եւ կը ներկայացնեն յստակ պատգամ մը որուն ընդմէջէն կը բացայայտուի թէ փոխադարձ յարգանքն ու բարեկամութիւնը կարելի են, հակառակ տարբերութիւններուն։ Եւ այս բարեկամութիւնը ինքնուրոյն արժէք մը հանդիսանալէն անդին, աւելի կարեւոր իմաստ մը կը ստանայ ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կ՛ապրուին մարդկայնական իսկական ողբերգութիւններ'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով պատերազմներուն, միջկրօնային հակամարտութիւններուն, անօթութեան եւ աղքատութեան որոնք միլիոնաւոր մարդիկ կը հարուածեն։ Ան ապա խօսեցաւ Միջին Արեւելքի տագնապի մասին` նշելով յատկապէս Սուրիան եւ Իրաքը ու այս տագնապի պատճառաւ տառապող անմեղ էակները։ Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց Իսլամ Ծայրայեղականներուն ու անոնց գործած արարքներուն հանդէպ փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս Եազիտիներն ու քրիստոնեաները որոնք իրենց կրօնին համար կը հալածուին եւ կը տեղահանուին ու կը կրեն վայրագ բռնութիւններ։ Անոնք ստիպուած եղան լքել ամէն ինչ ու հեռանալ փրկելու համար իրենց կեանքը եւ չուրանալու համար իրենց հաւատքը։
Բռնութիւնը հարուածեց նաեւ պաշտամունքի վայրերը որոնք կը ներկայացնեն մշակութային ժառանգութիւն եւ կրօնական խորհրդանիշեր. Արարքներ` բնաջնջելու միտումով ուրիշին հետքերն ու անոր յիշատակը։
Որպէս կրօնապետեր պարտականութիւնն ունինք դատապարտելու մարդու արժանաւորութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնները - շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը - հաստատելով թէ մարդկային կեանքը Արարիչ Աստուծոյ պարգեւ մըն է եւ սուրբ է, ուստի կրօնի անունով գործուած որեւէ բռնութիւն արժանի է դատապարտութեան։
Դատապարտութեան պէտք է յաջորդէ համագործակցութիւնը պատշաճ լուծումներ որոնելու համար։ համագործակցութիւն պետութիւններու, քաղաքական եւ եկեղեցական ղեկավարներու, քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներու ու բարի կամք ունեցող մարդոց միջեւ։

Մենք Քրիստոնեաներս ու մահմետականներս ժառանգած ենք անգնահատելի հոգեւոր գանձեր որոնք կրնան բարեփոխել կեանքը ու կրնան հանդիսանան մարդոց միջեւ եղբայրութեան եւ մարդու արժանապատուութեան ապահով հիմեր։ Ճանչնալ եւ զարգացնել այս հոգեւոր արժէքները կը սատարէ ընկերութեան մէջ զարգացնելու բարոյական արժէքները, խաղաղութիւնը եւ ազատութիւնը։ Յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը ու ապ շնորհակալութիւն յայտնեց թուրք ժողովուրդին հարիւրաւոր գաղթականներուն հիւրընկալութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց գոհունակութիւն յայտնելով ''Տիանէթի'' եւ Քահանայապետական Միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի միջեւ բարի յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան համար որոնք - ըսաւ Քահանայապետը - նշան են ճշմարիտ երկխօսութեան ի սպաս բոլորին բարիքին եւ համայն աշխարհին համար յոյսի նշան։








All the contents on this site are copyrighted ©.