2014-11-28 15:24:57

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութիւններուն ուղղած ճառը։


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ 28 Նոյեմբեր 2014ին սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուրքիա կատարած Եռօրեայ առաքելական ճամբորդութիւնը որուն առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Անգարան ուր Նորին Սրբութեան ի պատիւ բարի գալուստի արարողակարգ տեղի ունեցաւ։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր խօսքին մէջ ըսաւ՝

Այս երկիրը ամէն քրիստոնեայի սրտին մօտիկ է. այստեղ ծնած է Պօղոս Առաքեալ եւ հիմնած է քրիստոնէական համայնքներ. այստեղ ապրած է Աստուածածինը։
Այսօր Թուրքիան աշխարհագրական իր դիրքով որոշ դեր մը կը կատարէ ժողովուրդներու միջեւ։ Ուրախ եմ ձեր հետ շարունակելու այն երկխօսութիւնը որ իմ նախորդներս կատարած են, սկսեալ սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետէն, որ գործած է այստեղ իբր առաքելական նուիրակ։
Պէտք ունինք երկխօսութեան մը, որ կը խորացնէ իրարու ճանաչումը եւ կ'արժեւորէ այն ամէն ինչ որ մեզ կը միացնէ. միեւնոյն ժամանակ մեզի թոյլ կու տայ իմաստուն եւ լուրջ հոգիով նկատի առնել տարբերութիւնները։
Պէտք է համբերութեամբ յառաջ տանինք հաստատուն խաղաղութիւն մը կառուցելու ստիպողականութիւնը՝ հիմնուած այն հիմնական իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու վրայ, որոնք առընչուած են մարդու արժանապատուութեան հետ։
Ասոր համար հարկաւոր է որ իսլամ, հրեայ եւ քրիստոնեայ վայելեն նո'յն իրաւունքները եւ յարգեն նո'յն պարտականութիւնները։ Այսպէսով զիրար աւելի դիւրաւ պիտի ճանչնան իբր եղբայրներ եւ ուղեկիցներ, միշտ աւելի վանելով անհասկացողութիւններ, եւ նպաստելով համագործակցութեան եւ համաձայնութեան։ Կրօնքի եւ խօսքի ազատութիւնը, որ անպայմանօրէն բոլորին պէտք է ապահովուի, պիտի խթանեն բարեկամութեան ծաղկումը, եւ պիտի վերածուին խաղաղութեան խօսուն նշանի։
Միջին Արեւելքը, Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհ կը սպասեն այս ծաղկումին։ Յատկապէս Միջին Արեւելքը շատ մը տարիներէ ի վեր եղբայրասպան պատերազմներու հարթակ է։ Մէկ պատերազմը կը յաջորդէ միւսին, կարծէք պատերազմի եւ բռնութեան միակ պատասխանը նոր պատերազմ եւ նոր բռնութիւն ըլլայ։
Տակաւին ի՞նչքան ժամանակ Միջին Արեւելքը պիտի տառապի խաղաղութեան բացակայութեամբ։ Կը շարունակուին հակամարտութիւնները այնպէս՝ որ կարծէք թէ իրավիճակի փոփոխութիւն մը կարելի չըլլար։ Աստուծոյ օգնութեամբ կը կարենանք եւ պէտք է միշտ նորոգենք խաղաղութեան կորովը։ Այսպէս՝ ուղղամտութեամբ, համբերութեամբ եւ վճռակամութեամբ պիտի գործածենք բանակցութեան բոլոր միջոցները, որպէսզի հասնինք խաղաղութեան յստակ նպատակներու եւ մնայուն զարգացման։
Պարոն Նախագահ, հասնելու համար շատ բարձր եւ ստիպողական նպատակի մը, կարեւոր ներդրում մը կրնայ յառաջ գալ միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութենէ՝ արգիլելու համար ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան որեւէ ձեւ, որ ծանրապէս կը խոնարհեցնէ բոլոր մարդոց արժանապատուութիւնը եւ կը գործիականացնէ կրօնքը։
Պէտք է դիմադրել մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղականութեան, անտրամաբանական վախերու, որ զարկ կու տան անհասկացողութիւններու եւ ստորադասումներու, դէմ դնելով անոնց՝ բոլոր հաւատացողներու զօրակցութեամբ, որ իբր սիւն պէտք է ունենայ մարդկային կեանքի եւ կրօնական ազատութեան յարգանքը։ Կրօնական ազատութիւնը՝ պաշտամունքի ազատութիւնն է եւ ազատութիւն՝ ապրիլ կրօնական բարոյականութեան համաձայն. Ան ճիգն է՝ ապահովելու բոլորին հարկաւորը՝ արժանավայել կեանքի մը համար։ Ասոնց պէտք ունին Միջին Արեւելքի ժողովուրդները եւ երկիրները յատուկ ստիպողականութեամբ, որպէսզի դրական ելքով յառաջ տանին խաղաղեցման գործընթաց մը, մերժելով պատերազմը եւ բռնութիւնը, եւ հետապնդելով երկխօսութիւն, իրաւունք եւ արդարութիւն։
Տակաւին վկայ ենք ծանր հակամարտութիւններու՝ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։ Ահաբեկչական բռնութիւնը նպատակ չունի կանգ առնելու։ Կան նաեւ բռնաբարումներ մարդկային հիմնական իրաւունքներու՝ բանտարկեալներու եւ ցեղային խմբակցութիւններու հանդէպ։ Հաւաստի են եւ տակաւին տեղի կ'ունենան ծանր հալածանքներ եւ վնասներ փոքրամասնութիւններու, յատկապէս քրիստոնեաներու եւ եզիտիներու հանդէպ։ Հարիւր հազարաւոր անձեր ստիպուած են թողուլ իրենց տուները եւ իրենց հայրենիքը կարենալ փրկելու համար իրենց կեանքը եւ մնալու հաւատարիմ իրենց հաւատալիքին։
Թուրքիան, հիւրընկալելով գաղթականներու մեծ թիւ մը, ուղղակիօրէն առընչուած է իր սահմանի վրայ կատարուած հակամարտութիւններուն։ Միջազգային հասարակութիւնը բարոյական պարտականութիւնն ունի օգնելու եւ հոգ տանելու գաղթականներուն։ Կ'ուզեմ նեաւ յիշեցնել, թէ հարցի լուծումը կարելի չէ միայն ռազմական պատասխաններուն վստահիլ։
Հարկաւոր է հասարակաց յանձնառութիւն մը, հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ, որ կարելի կը դարձնէ մնայուն խաղաղութիւնը եւ կ'ընդունի որդեգրել միջոցներ ոչ սպառազինման, այլ մարդու արժանավայել իսկական պայքարներու՝ անօթութեան եւ հիւանդութիւններու դէմ, արարչութեան զարգացման եւ պահպանման համար եւ աղքատութեան դէմ, որ գոյութիւն ունի նաեւ արդի աշխարհի մէջ։
Թուրքիան ունի մեծ պատասխանատուութիւն. իր կատարած ընտրութիւնները եւ օրինակը ունին յատուկ արժէք եւ կրնան նկատելի ներդրում հանդիսանալ խաղաղութեան համար գործնական ճանապարհներու որդեգրման։








All the contents on this site are copyrighted ©.