2014-11-28 13:18:13

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուրք ազգին յայտնած բարեմաղթութիւնները։


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելելով ''Աթաթուրքի'' դամբարանը ոսկեմատեանին վրայ գրեց` ''Ամենա-անկեղծ մաղթանքներս կը յղեմ որպէսզի Թուրքիան որ բնական կամուրջ մըն է երկու ցամաքամասերու միջեւ, ըլլայ ոչ միայն ճանապարհներու խաչմերուկ մը, այլեւ հանդիպումի երկխօսութեան եւ համակեցութեան վայր մը, ամէն մշակոյթի, ցեղի եւ կրօնի պատկանող բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներու միջեւ''։

Ապա Թուրքիոյ նախագահին տուած այցելութեան ընթացքին Նախագահական Պալատի ոսկեմատեանը ստորագրելով գրեց` ''Թող Ամենակալը խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում շնորհէ սիրելի թուրք ժողովուրդին, մաղթելով որ համայն երկիրը ըլլայ միշտ մշակոյթներու եւ քաղաքացիութիւններու համակեցութեան վայր մը, ուր ամէն անհատ ինքզինք զգայ հիւրընկալուած եւ պաշտպանուած, իւրայատուկ անարժանաւորութեամբ եւ ազատօրէն դաւանուած հաւատքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.