2014-11-28 09:50:22

Քրիստոնէութիւնը Թուրքիոյ մէջ։


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Փոքր Ասիոյ տարածքին վրայ քրիստոնէութիւնը արդէն առաջին դարէն տարածուած է։ Առաքեալները այս տարածքին վրայ հիմնած են համայնքներ։ Ըստ աւանդութեան Պետրոս Առաքեալ Աղեքսանդրետի մէջ հիմնած է առաջին եկեղեցին ժայռափորի մէջ. Աստուածածինը ապրած է Եփեսոսի մէջ։ Այս տարածքին վրայ գումարուած են եկեղեցական Տիեզերական ժողովներ. հոն եղած է մէկէ աւելի Եկեղեցիներու կամ Ծէսերու կենդրոնը կամ թեմեր՝ Հայ, Բիւզանդական կամ Ուղղափառ, Ասորական եւ Քաղդէական Եկեղեցիներ։ Ըլլայ Միաբնակ, Նախաքաղկեդոնեան կամ Ուղղափառ Եկեղեցիներ։
Յատկապէս Հռովմէական Կայսրութեան բաժանումէն վերջ, 395 թուականին, Կոստանդնուպոլիսը ստացաւ յատուկ կարեւորութիւն։
Նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպէս Հռոմ-Պարսկաստան եւ կամ Բիւզանդիոն-Արաբներ լարուածութիւնները՝ դեր ունեցած են միջեկեղեցական հարցերու։
Բիւզանդական եւ Նախաքաղկեդոնեան եկեղեցիներու մէջ եղած են հակամարտութիւններ։ Աւելի ուշ Խաչակրութիւնը եւ այս տարածքին հաստատուած եկեղեցիներու հատուածներու միութիւնը Հռոմի հետ՝ ստեղծած են առաւել լարուածութիւններ։
Մահմետականութեան յառաջխաղացքը եւ դարերու տիրապետութիւնը ամբողջովին կը փոխակերպեն տարածաշրջանի համապատկերը։ Մահմետականութեան քաղաքականութիւնը թէեւ կենդրոնապէս ունէր մասնակի հանդուրժողական քաղաքականութիւն քրիստոնեաներու եւ հրէաներու հանդէպ, սակայն գործնականին տեղական սպանդներ, աւերումներ եւ կողոպուտներ գրեթէ առօրեայի կարգի անցած էին։
Ներկայ Թուրքիո տարածքին ըստ պաշտօնական տուեալներու քրիստոնեաներու թիւը բնակչութեան 0,2 առ հարիւրն է, այսինքն 120000։ Հոն տակաւին կը գոյատեւեն Հայ, Յոյն, Ասորի եւ Լատին եկեղեցիներ։
Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ բազմաթիւ քրիստոնեաներ իսլամացած են խուսափելու համար ծանր տուրքերէ, անհաւասար եւ անարդար վերաբերմունքէ եւ տարբեր տեսակի ճնշումներէ՝ մինչեւ իսկ կեանքի սպառնալիքի տակ։
Թէեւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Միլլէթի համակարգի ստեղծումով Եկեղեցիները կը վայելէին որոշ ինքնավարութիւն մը, սակայն այդ համակարգի պատճառով իսկ ենթակայ էին վարչակարգի աւելի սուր հսկողութեան։ 1860ին Հայ Եկեղեցւոյ համար կը վաւերացուի Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ կը կարգաւորէր Եկեղեցւոյ ներքին գործունէութիւն։
Ցեղասպանութիւններ եւ տեղահանումներ, աքսոր եւ սպանդ, որոնց զոհը յատկապէս եղան հայերը, վերջնական հարուածը տուած են քրիստոնեայ համայնքներուն։
Այսօր եւս, թէեւ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն որոշ թիւ մը, սակայն չեն վայելեր ազատութիւններ ինչպէս մահմետական հաստատութիւնները։ Զ.օ. քրիստոնեաները չեն կրնար կազմել իրաւական մարմին եւ չեն կրնար ունենալ ստացուածքներ։
Նաեւ քրիստոնեաներու եւ կամ այլախոհներու դէմ եղած բռնութիւնը ակնյայտնի է։ Բացի քաղաքական ճնշումէն կը կատարուին նաեւ յարձակումներ եւ սպանութիւններն։
Յիշենք հոս միայն քանի մը ծանօթ դէպքեր.
Հրանդ Տինք՝ սպաննուած 2008ին
Լատին հոգեւորականներ՝ Luigi Padovese՝ սպաննուած 2010ին, Padre Santoro՝ սպաննուած 2006ին եւ Padre Adriano Francini՝ սպաննուած 2007ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.