Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիմած է խիստ միջոցառումներու Ֆրանչիսկոս Պապի Անգարա այցելութեան
առթիւ
(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ, 28 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս
Քահանայապետի թուրքիա կատարելիք այցելութեան առթիւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիմած է խիստ
միջոցառումերու ապահովուելու համար Պապին անվտանգութիւնը։ Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու
Անգարայի մէջ Ֆրանչիկսոս Պապի անցնելիք ճամբուն պիտի վերահսկէ հազար ոստիկան: Ընդհանուր
առմամբ, պապի անվտանգութեամբ պիտի զբաղին 2700 իրաւապահներ, պիտի ներգրաւուին տասնեակ
մը յատուկ մեքենաներ: Թուրքիոյ դատական իշխանութիւնները արտօնած են այդ օրերուն զննել
բոլոր այն մարդիկը, որոնք կասկածելի կը թուին իրաւապահներուն: