2014-11-28 09:33:06

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներուն համախմբումի վարչութիւնը


Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն Համախմբումի վարչութիւնը գլխաւորութեամբ Մազլում Արքեպիսկոպոսին ։ Շուրջ չորս տարիներ առաջ կեանքի կոչուած յիշեալ համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքները՝ իրենց կրօնական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներով։ Համախմբումին նպատակն է գործակցութիւն յառաջացնել շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ և ազդու կարելիութիւններ որոնել քրիստոնեաները Միջին Արեւելքէն ներս պահելու ու անոնց ներկայութիւնը աւելի ամրապնդելու։ Վարչութեան անդամները տեղեակ պահեցին Նորին Սրբութիւնը վերջին ամիսներու համախմբումին կատարած աշխատանքներու մասին և պարզեցին յառաջիկայ ծրագիրները։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով վարչութեան տարած աշխատանքները, թելադրեց առաջնահերթութիւն տալ բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնց նպատակը քրիստոնէութեան պահպանումն է Միջին Արեւելքէն ներս։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Վիեննայի մէջ վերջերս գումարուած համագումարին և յառաջիկային այլ շրջաններու մէջ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը հետապնդեն նոյն նպատակը։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց շուտաբոյթ նախագահական ընտրութիւններ կատարելու հրամայականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.